2017-03-11 12:48:00

Ֆրանչիսկոս Պապին 11 Մարտի գործունէութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ` 11 Մարտ 2017-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեկային մէջ ընդունեց Աշխարհականներու, Ընտանիքի ու Կեանքի Ժողովի կառավարիչ կարդինալ Քեվին Ժոզէֆ Ֆարրելը, որմէ ետք ընդունեց Կաթողիկէ Դաստիարակութեան Ժողովի կառավարիչը` Կարդինալ Ճուզեփփէ Վերաստլտին, հուսկ Մատակասկարի Ֆիարանդսոայի Արքեպիսկոպոսը` գերապայծառ Ֆիւլժանս Ռապեմահաֆալին։

Սրբազան Քահանայապետը ապա Ժամը 12-ին Քլեմենթինա սրահին մէջ ընդունեց “Telefono Amico Italia” ընկերակցութեան 400 կամաւորները, ընկերակցութեան գործունէութեան 50-րդ տարեդարձին առիթով։

Անոնց արտասանած խօսքին մէջ Նորին Սրբութիւնը ակնարկեց ընկերակցութեան տածած գործունէութեան` որ է ունկնդրել ու բարոյական օգնութիւն մատուցել առանձնութեան մէջ ապրող ու կորուստի մատնուած անհատներուն։

''Կարեւոր ծառայութիւն մըն է այս, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, յատկապէս ներկայ ընկերութեան  իրավիճակին ի տես, որ յատկանշուած է բազմատեսակ դժուարութիւններով որոնք յառաջ կու գան մեկուսացումի ու երկխօսութեան պակասի բերումով, ինչպէս նաեւ տարածուած անտարբերութեան ու շփումի եւ հաղորդակցութեան տեսաբանական իրողութենէն ու գոյութիւնը հիմնելու հաստատ արժէքներու պակասէն ապա ունենալու եւ երեւնալու մշակոյթի աճումէն։

''Այսպիսի բանակարգի մէջ կարեւոր է առ այդ զարգացնել երկխօսութիւնն ու ունկնդրութիւնը,  յարեց ապա Սրբազան Քահանայապետը, հաստատելով թէ երկխօսութիւնը հնարաւորութիւն կ՛ընծայէ իրար ճանչնալու եւ փոխադարձաբար իրարու կարիքները հասկնալու''։

''Ան նաեւ սիրոյ արտայայտութիւն է ու անոր միջոցաւ մենք կարող ենք ուրիշին նայիլ  ոչ որպէս սպառնալիք այլ որպէս Աստուծոյ պարգեւ'' աւելցուց ապա Ֆրանչիսկոս Պապ հաստատելով թէ ''երկխօսութիւնը կ՛օգնէ յաղթահարել անհասկացողութիւնները­, ու թէ եթէ երկխօսութիւն կատարուի, իսկական երկխօսութիւն, ընտանիքներու, ընկերային աշխարհի, աշխատանքի ու քաղաքականութեան մէջ, բազմաթիւ հարցեր շատ աւելի դիւրաւ կը լուծուէին''։

Սրբազան Քահանայապետը ապա ընդգծեց  թէ երկխօսութեան պայմանը ունկնդրութիւնն է։ Ուրիշը ունկնդրելը կը պահանջէ համբերութիւն եւ ուշադրութիւն։ Միայն այն որ գիտէ լռել գիտէ նաեւ ունկնդրել` ունկնդրել Աստուած, եղբայրը, բարեկամը եւ կամ հարազատ մը։ Աստուած` ունկնդրութեան լաւագոյն օրինակն է. Ամէն անգամ որ կ՛աղօթենք, Ան մեզի մտիկ կ՛ընէ, եւ առանց ոչ մէկ բան խնդրելու մեզմէ­, կ՛ընդառաջէ մեր խնդրանքին։ Ունկնդրութիւնը մեզ կը մղէ տապալելու անհասկացողութեան պատերը եւ կառուցելու հաղորդակցութեան կամուրջներ, գերազանցելով մեկուսացումն ու փակումները։

''Սիրելի բարեկամներ երկխօսութեան եւ ունկնդրութեան միջոցաւ կարող ենք կառուցել աւելի լաւ աշխարհ մը'' ըսաւ ապա Քահանայապետը ճառին աւարտին ու քաջալերեց ներկաները խանդավառութեամբ յարատեւելու իրենց ծառայական գործին մէջ, այնպէս որ ոչ մէկը մնայ մեկուսացուած։ Ան ապա խօսքը եզրափակեց բոլոր ներկաներէն խնդրելով որ աղօթեն իրեն համար ու զանոնք յանձնեց Սուրբ Կոյս Մարիամի հովանիին` լռութեան եւ ունկնդրութեան Կինը, բոլորին շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնը։  








All the contents on this site are copyrighted ©.