2017-03-11 11:06:00

Սաքօ պատրիարքի նախաձեռնութեամբ Իրաքի մէջ հիմնուեցաւ Քրիստոնեայ համայնքներու խորհուրդը։


(Ռատիօ Վատիկան) Լուիս Ռաֆաել  Սաքօ` Քաղդէացիներու պատրիարքի բազմաթիւ կոչերը ՝ուղղուած Իրաքի քրիստոնեայ հասարակութիւններուն ձիր ու ձան չըլլալու եւ  իրենց ուժերը միատեղ հաւաքելու,  իր առաջին  արդիւնաւորութիւնը գտաւ ­ Քիրքուք քաղաքի մէջ Քրիստոնեայ հասարակութիւններու խորհուրդի մը հիմնադրումով,  որուն նպատակն է հանդիսանալ երկրի քրիստոնեայ` ընկերային  ու  քաղաքական կազմակերպութիւններու միջեւ կապերու մարմին։ 

Յիշեալ ձեռնարկին աջակցողները եղան տեղական քաղաքական պատասխանատուներ, սկսեալ՝ Քիրքուք մարզի խորհուրդի նախագահ, Քիւրտ ազգի Ռեպար Թալապանէն,  որուն խօսքերու համաձայն նոր հիմնուած քրիստոնեայ հասարակութիւններու խորհուրդը կրնայ իր նպաստը բերել ոչ միայն  քրիստոնեայ հասարակութիւններուն այլեւ մարզի  մէջ տարբեր ցեղերու ու կրօնային խաւերու միջեւ խաղաղ համակեցութեան ։

Յիշեալ նոր Քրիստոնեայ հասարակութիւններու խորհուրդի մասին մեծ գուհուանակութեամբ արտայայտուած է նաեւ  Քիրքուքի աւետարանական եկեղեցւոյ հովուապետ պատուելի Հայթամ  Ժազրաուի յայտնելով ,թէ  յիշեալ ձեռնարկը դրական քայլ կը նկատուի քրիստոնեաներու համար՝ ներկայիս   ապրած դժուար պայմաններուն  ։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.