2017-03-11 09:35:00

Մեսրոպեանի անձնակազմին պտոյտը ուսուցչաց տօնին առիթով


Լիբանանի Հարաւ կատարուած շրջապտոյտը Ուսուցչաց տօնին առիթով գեղեցիկ նուէր մը եղաւ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տնօրէնութեան կողմէ՝ վարժարանի անձնակազմի անդամներուն:

9 Մարտի կանուխ առաւօտուն սկսած պտոյտին առաջին հանգրուանը եղաւ Մաղտուշէ գիւղը, ուր Մեսրոպեանի անձնակազմին անդամները այցելեցին Սուրբ Կոյսի Սպասման (Մանթարայի) նշանաւոր սրբավայրը, ծանօթացան անոր պատմութեան եւ տարբեր բաժանմունքներուն, ինչպէս նաեւ բարձրացան Մանթարայի աշտարակը, ուրկէ կ՛երեւի ամբողջ Սայտա քաղաքը՝ իր շրջակայքով:

Ուսուցիչները խոկումի պահեր ապրեցան Մանթարայի քարայրին մէջ, ուր, ըստ աւանդութեան, Սուրբ Կոյսը ապաստանեցաւ, մինչ կը սպասէր, որ  իր Որդին աւարտէր քարոզը Սայտայի մէջ: Ապա խումբը ուղեւորուեցաւ դէպի Ֆաթիմայի Դուռ, որմէ ճամբան շարունակեց դէպի Քաուքապա, ուր նախ այցելեց մինչեւ 2 հազար տարեկան ծառեր ունեցող ձիթենիներու պուրակը եւ ապա հաւաքուեցաւ գիւղի եկեղեցւոյ մէջ՝ աղօթքի: Աղօթքի աւարտին կարճ պատգամ մը յղեց Մեսրոպեանի հոգեւոր վարիչ Տէր Ռաֆֆի քահանայ Յովհաննէսեան: Ան ներկաներու ուշադրութիւնը հրաւիրեց մարդու կեանքին մէջ կարեւոր տեղ զբաղեցնող երեք երեւոյթներու՝ Սպասումին, Լռութեան եւ Աղօթքին վրայ, դիտել տալով, որ Սպասումը կ՛ընդգծէ Ժամանակի նշանակութիւնը, Լռութիւնը կը թելադրէ Խօսքի կշռադատուած եւ բովանդակալից օգտագործման անհրաժեշտութիւնը, իսկ Աղօթքը այն է, որ մեզ հաղորդութեան մէջ կը պահէ Աստուծոյ հետ՝ մեր Հաւատքը մշտարծարծ պահող:

Պտոյտը աւարտեցաւ Քաուքապայի գեղատեսիլ բնութեան գիրկը նստած հանգստավայրին մէջ տօնական ճաշով, որ ուրախ եւ հաճելի պահեր պարգեւեց Մեսրոպեանի անձնակազմին անդամներուն:

Տեղեկատուական գրասենեակ

Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի

 








All the contents on this site are copyrighted ©.