2017-03-11 12:40:00

Լեհաստանի մէջ Ֆաթիմայի Տիրամօր յայտնութեան 100 ամեակի առթիւ յատուկ արարողութիւն


(Ռատիօ Վատիկան) Յառաջիկայ 13 մայիս 2017-ին, Ֆաթիմայի Տիրամօր յայտնութեան 100 ամեակի առթիւ, Լեհաստանի Սվիտնիք թեմի Մայր տաճարի սրբավայրին մէջ տեղի կ՝ունենայ ''հիւանդներու առողջութիւն Տիրամօր''  սրբապատկերի թագադրութեան հանդիսաւոր արարողութիւնը։   

Շաբաթ, 11 մարտին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետ, յիշեալ արարողութիւնը գլխաւորելու  որպէս իր յատուկ ներկայացուցիչ նշանակեց   Կաթողիկէ դաստիարակութեան ժողովի երբեմնի կառավարիչ՝ կարդինալ Զենոն Կրոքոլեվսքին։     








All the contents on this site are copyrighted ©.