Միջազգային կարգի իրաւապաշտպան Ամալ Քլունին ՄԱԿ-ի ամպիոնէն կոչ ըրած է միջազգային հանրութեան թոյլ չտալու «Իսլամական պետութեան» (ԻՊ) շարունակելու Իրաքի մէջ իրագործուող ցեղասպանութիւնն ու անպատիժ մնալ:
Քլունին դիմած է Իրաքի վարչապետ Հայտար ալ Ապատիին` կոչ ընելով համապատասխան նամակ յղելու ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին, որպէսզի այնտեղ քուէարկութիւն իրականացուի ու ԻՊ-ի յանցանքներու հետաքննութեան վերաբերեալ որոշում կայացուի, կը հաղորդէ panarmenian.net-ը:
Քլունին, որ խօսած է ԻՊ-ի բարբարոսութիւններէն տուժածներու անունէն, յայտարարած է, որ ցնցումային է ոչ միայն ԻՊ-ի դաժան վարքագիծը, այլեւ միջազգային հանրութեան կրաւարական արձագանգը։
«իՊ-ի գործողութիւններէն տուժածներուն միակ ուզածը արդարութիւնն է, բայց այդ արդարութիւնը երբեք ալ չի հաստատուիր, եթէ մենք թոյլ տանք, որ յանցագործութիւններու ապացոյցները անհետանան: Այդ ուղղութեամբ ոչինչ կը կատարուի, զանգուածային գերեզմանոցները անպաշտպան են ու չեն ուսումնասիրուիր, ԻՊ-ի բարբարոսութիւններու ականատեսները կը փախչին, խմբաւորման առաջնորդներէն ոեւէ մէկը առ այսօր դատարանի առջեւ չէ կանգնած:
«ԻՊ-ին միայն մարտի դաշտին մէջ ոչնչացնելը բաւական չէ: Մենք պէտք է ոչնչացնենք այն գաղափարախօսութիւնը, որով ԻՊ-ն կ՛առաջնորդուի»,- ՄԱԿ-ի ամպիոնէն յայտարարած է Քլունին` կոչ ընելով միջազգային հանրութեան համախմբուելու յանուն արդարութեան ու պատասխանատուութեան ենթարկելու ԻՊ։
All the contents on this site are copyrighted ©. |