2017-03-10 09:45:00

Ֆրանչիսկոս Պապ պիտի այցելէ Հռոմի Սանթա Մատտալենա Տի Քանոսա ժողովրդապետութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 12 մարտ 2017-ին, Հռոմի թեմի ժողովրդապետութիւններուն տուած հովուական այցելութիւններուն ծիրէն ներս, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ կ՝այցելէ Սանթա Մատտալենա Տի Քանոսսա ժողովրդապետութիւնը։

Այս առնչութեամբ, Հռոմի թեմի մամլոյ գրասենեակը հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը որուն մէջ նշած է, թէ վերոյիշեալ ժողովրդապետութիւն ժամանումին Ֆրանչիսկոս Պապին պիտի դիմաւորեն , Հռոմի թեմի տեղակալ առաջնորդ՝ Կարդինալ Ակոսթինօ Վալլինին, Հռոմի եկեղեցական արեւելեան տարածաշրջանին տեղակալ եպիսկոպոս՝ գերապայծառ Փաուլօ Սելվատաճի, ''Սիրոյ զաւակներ'' միաբանութեան ընդհանուր մեծաւոր՝ Հայր Ժորժօ Վալենթէ, որուն հոգածութեան  յանձնուած է վերոյիշեալ ժողովրդապետութիւնը  1988-ին՝ հիմնադրութենէն ի վեր,  ինչպէս նաեւ Ժողովրդապետութեան հոգեւոր հովիւ հայր Սանտրօ Սանթոնի։

Ֆրանչիսկոս Պապ   Սանթա Մատտալենա Տի Քանոսա ժողովրդապետութեան մէջ պիտի հանդիպի երիտասարդներուն, ''սիրոյ դուստրեր'' միաբանութեան մայրապետներուն, հիւանդներուն, 2016 տարեշրջանին մկրտուած մանուկներուն, ինչպէս նաեւ Ժողովրդապետութեան հովուական ծառայութեամբ զբաղող կամաւորներուն ։

Այցելութեան ծիրէն ներս Նորին Սրբութիւնը   խոստովանանքի խորհուրդը պիտի մատակարարէ չորս հաւատացեալներուն,  որմէ ետք պիտի նախագահէ Սուրբ Պատարագի զոհի արարողութեան։

Նշենք թէ Սանթա Մատտալենա Տի Քանոսա ժողովրդապետութիւնը  կազմուած է բազմաթիւ երիտասարդ ընտանիքներէ։ 

Ան նուէրը եղած է   ''Սիրոյ զաւակներ եւ դուստրեր'' միաբանութեան Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետին, 2 հոկտեմբեր 1988-ին,  յիշեալ միաբանութեան հիմնադրուհիին՝ Սրբուհի Մատտալենա Քանոսսայի սրբադասման առիթով։ Ժողովրդապետութեան եկեղեցւոյ մէջ առաջին սուրբ պատարագը մատուցուած է 24 մարտ 1996-ին եւ նոյն տարին ՝ 21 ապրիլին, Սուրբ  Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետ հովուական այցելութիւն կատարած է ժողովրդապետութեան։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.