2017-03-10 12:10:00

Վերջ գտաւ Ֆրանչիսկոս Պապին քառասնորդացի Հոգեւոր կրթութեան շաբաթը։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Յիսուսի չարչարանքները, մահն ու Յարութիւնը ըստ Մատթէոս Աւետարանիչին'' եղան Ֆրանչիսկոս Պապին ու Հռոմէական Քուրիայի անդամներուն, անցեալ 5 մարտէն սկիզբ առած հոգեւոր կրթութեան գլխաւոր նիւթը զոր ընտրած էր Հոգեւոր կրթութեան Քարոզիչը  Ֆրանչիսկեան միաբանութեան անդամ` Հայր Ճուլիօ Միքելինի։

Ուրբաթ 10 մարտի առաւօտեան նիստով վերջ գտաւ վերոնշեալ Հոգեւոր Կրթութիւնը ու Քահանայապետն ու իրեն համագործակիցները 5 օր ամփոփումի, աղօթքի, խորհրդածութեան ու ծոմապահութեան շրջանէ ետք վերադարձ կատարեցին Վատիկան։

Խորհրդածութիւններու շարքը սկիզբ առած էր անցեալ կիրակի օր` 5 Մարտի երեկոյեան  ''Պետրոսի խոստովանութեան ու Յիսուսի Երուսաղէմ մուտքի (Մատթ 16, 13-21) հատուածի մեկնաբանութեամբ։ Մինչ յաջորդ օրերուն նիւթերը հանդիսացան

''Յիսուսի վերջին խօսքերը չարչարանքներու սկիզբը (Մատթ 26,1-19). Հացն ու մարմինը, գինին եւ արիւնը (Մատթ 26, 36-46)։ Գեթսէմանիի պարտէզին մէջ աղօթքը եւ Յիսուսի ձերբակալութիւնը ( Մատթ 26, 36-46). Յուդան (Մատթ 27, 1-10). Հռոմէական դատավարութիւնը, Պիղատոսի կինը եւ Աստուծոյ երազը (Մատթ 27, 11-16) Մեսիայի մահը (Մատթ 27, 45-46) ու Յիսուսի Շաբաթ օրուայ թաղումը (Մատթ 27, 56-66).

Ուրբաթ 10 մարտի եզրափակիչ խորհրդածութեան առանցքը հանդիսացաւ ''Պարապ գերեզմանը ու Յարութիւնը (Մատթ 28, 1-20)''։

 

Հոգեւոր Կրթութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց հոգեւոր կրթութեան քարոզիչ` Հայր Միքելինիին, ըլլայ անոր անկեղծ կեցուածքին ու ներկայացուցած խորհրդածութիւններուն համար ըլլայ սոյն խորհրդածութիւնները պատրաստելու տածած աշխատանքին համար։

''Այս ըսել է պատասխանատուութիւն ստանձնել ու լրջօրէն պատրաստուիլ'' ըսաւ Նորին Սրբութիւնը մատնանշելով թէ հոգեւոր կրթութեան նիստերը բազմաթիւ խորհրդածութեան նիւթեր յառաջացուցին։

''Շատ անգամ, ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը. պարզ բառեր ու խօսքերն են որ աւելիով օգտակար կը դառնան, ու Տէրը մեզմէ իւրաքանչիւրիս այդ բարի եւ ուղիղ խօսքը կը պարգեւէ''։

''Շնորհակալ եմ քեզի ու կը մաղթեմ որ շարունակէս աշխատիլ ի սպաս Եկեղեցւոյ, Եկեղեցւոյ մէջ, եւ ըլլալ բարի կրօնաւոր'' ըսաւ Նորին Սրբութիւնը խօսքը ուղղելով Հայր Միքելինիին։

Շնորհակալական խօսքին մէջ Սրբազան Քահանայապետը մատնանշած էր նաեւ մէկ զաւեշտի մը` այն է թէ օր մը հռչակաւոր քարոզիչի մը պատարագի աւարտին հաւատացեալներէն մին լալագին կը մօտենայ անոր ու կը խնդէ խոստովանիլ ու խոստովանանքի աւարտին Քահանան հետաքրքրութեամբ հարց կու տայ թէ  ի՞նչն էր որ յուզած էր զինք քարոզի ընթացքին, եւ ի՞նչն էր որ սրտին խօսած էր, ու հաւատացեալը կը պատասխանէ ''երբ դուք ըսիք այլ նիւթի անցնինք''։








All the contents on this site are copyrighted ©.