2017-03-10 10:41:00

Ուաշինկթըն կը քննադատէ Թուրքիոյ մարդկային իրաւանց վիճակը


Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ հրապարակուող եւ մարդու իրաւունքներուն առնչուող տարեկան տեղեկագիրին մէջ Թուրքիոյ մասին պատրաստուած բաժինը դարձեա՛լ բազմաթիւ կէտերու առնչութեամբ կը քննադատէ Անգարան։ Նախ կը պնդուի, թէ անիրաւութիւններ կը շարունակուին իրաւական ու դատական գետնի վրայ, շատեր հսկողութեան տակ կ՛առնուին՝ առանց համոզիչ բացատրութիւններու, եւ երկար ժամանակ հսկողութեան տակ կը պահուին, մինչ կը մերժուին փաստաբան գտնելու անոնց դիմումները։ Թուրքիա կը քննադատուի նաեւ արտայայտութեան ազատութեան իրաւունքը բռնաբարելու մեղադրանքով, ինչպէս նաեւ կը շեշտուի, թէ իշխանութիւնները չեն կրցած երաշխաւորել քաղաքացիներուն ապահովութիւնը, որուն իբրեւ հետեւանք՝ մեծ թիւով քաղաքացիներ զոհ կ՛երթան ահաբեկչական արարքներու։

Տեղեկագիրին մէջ կը պնդուի նաեւ, որ Թուրքիոյ փոքրամասնութիւնները դէմ յանդիման կը գտնուին ահաբեկչական վտանգի ու խտրական մօտեցումի, իսկ կառավարութիւնը բաւարար միջոցներ ձեռք առած չէ փոքրամասնութիւնները պաշտպանելու համար։

Ամերիկեան տեղեկագիրէն անհանգստացողները մասնաւոր ուշադրութիւն կը հրաւիրեն այն կէտին վրայ, թէ տեղեկագիրին մէջ Ֆեթհուլլահ Կիւլեն ներկայացուած է իբրեւ հոգեւորական, ու չէ խօսուած անոր «ահաբեկչական կազմակերպութեան» մասին։








All the contents on this site are copyrighted ©.