2017-03-10 10:48:00

Լոս Անճելըսի հայ քոյրերու վարժարանի Վարդանանց տօնակատարութիւնը


Տասնհինգ դարեր առաջ, հայ ժողովուրդը իմացականութիւնը ունեցաւ պայքարելու մարդ-կային իրաւունքին՝ կրօնքի ու պաշտամունքի ազատութեան իրաւունքին համար, եւ կռուելով պարսիկ հզօր բանակին դիմաց՝ դէմ դրաւ Յազկերտ Բ.ի՝ հայերը զրադաշտ դարձնելու որոշումին, փաստելով, որ մարդկային կամքը անկորնչելի է եւ պաշտամունքի ազատութիւնը մարդկային տարրական իրաւունքներէն մէկն է:

Ահաւասի՛կ մօտաւորապէս 1500 տարիներ անցած են այդ ճակատագրական ճակատամարտէն, սակայն Աւարայրի արծիւներու կեանքին գնով տրուած պատգամը այժմէական է, ու անոնց տուած օրինակին ուժգնութեամբ կը դաստիարակուին հայ սերունդներ:

Վարդանանց ճակատամարտի տօնակատարութիւնը, ինչպէս այլուր, յատուկ տեղ ունի նաեւ Հայ Քոյրերու վարժարանէն ներս։ Փետրուար ամսուան ընթացքին վարժարանը կը գտնուի Վարդանանց խորհուրդի մթնոլորտին մէջ, իսկ Վարդանանց տօնին նախորդող օրը տեղի կ՛ունենայ յատուկ պատարագ եւ հանդիսութիւն: Ուստի, ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս Փետրուար ամսուն, Վարդանի հոգին կը թեւածէր վարժարանի երկնակամարին վերեւը, մինչ Վարդանանց խորհուրդը կը դրոշմուէր իւրաքանչիւր աշակերտի միտքին ու հոգիին մէջ՝ սորվեցնելով պայքարիլ կամքի ազատութեան իրաւունքին համար:

Այս տարուան հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, Փետրուար 22ին։ Առաւօտեան ժամը 9ին սկսաւ աշակերտական Ս. պատարագը՝ նուիրուած Աւարայրի մարտիրոսներու յիշատակին։ Օրուան պատարագիչն էր Միքայէլ եպս. Մուրատեան՝ առաջնորդ Հիւսիսային Ամերիկայի եւ Գանատայի կաթողիկէ հայոց. ան նախ բացատրեց աղօթքի տեսակները, ապա յորդորեց աշակերտները, որ աղօթեն եւ աղօթքով զօրանան՝ դէմ դնելու համար ամէն տեսակի դժուարութիւններու, ապա եզրափակեց՝ անդրադառնալով Աւարայրի խորհուրդին ու պատգամին:

Ապա, երրորդ դասարանէն վեր՝ բոլոր աշակերտները հաղորդուեցան Վարդանանց քաջերու օրինակով եւ պատրաստուեցան մասնակցելու օրուան հանդիսութեան: Պաշտօնական հանդիսութիւնը սկսաւ յետմիջօրէին, վարժարանի «Դանիէլեան» սրահէն ներս, ներկայութեամբ մայրապետներու, ծնողներու, հիւրերու, ուսուցիչներու եւ աշակերտութեան: Օրուան հանդիսավարն էր դասատու Մարօ Գույումճեան, որ բացման խօսքով ներկայացուց հայոց պատմութեան այն շրջանը, երբ Հայաստան բաժնուած էր երկու մեծ պետութիւններու միջեւ, թագաւոր չունէր, այնուամենայնիւ հայ ժողովուրդը կրցաւ օրհասական պատերազմ մղել՝ «վասն հայրենեաց եւ վասն կրօնի»:

Վարժարանի բոլոր դասարանները՝ մանկապարտէզէն մինչեւ ութերորդ, բեմ բարձրանալով մեկնաբանեցին Վարդանի եւ 1036 նահատակներուն նուիրուած արտասանութիւններ ու երգեր՝ արդարացնելով իրենց դասատուներուն անդուլ աշխատանքը: Այս տարուան նորութիւնն էր ընտրողական դասարաններու պարի խումբին ներկայացուցած հայ զինուորի յաղթական պարը՝ առաջնորդութեամբ ուսուցչուհի Կարին Օ. Գրիգորեանի, որ մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց:

Հանդիսութիւնը յատկանշական էր նաեւ իր Վարդանանց թատրոնով։ Ամէն տարի, երրորդ դասարանի աշակերտները կը պատրաստեն ու կը ներկայացնեն պատերազմը, անոր նախօրէին Հայաստանի մէջ տիրող քաղաքական կացութիւնը, ճակատամարտի պատրաստութիւնները, հայ քաջերու վճռակամութիւնը, ապա՝ ճակատամարտի աւարտը, ֆիզիքական պարտութիւնն ու կամքի յաղթանակը: Այս տարի եւս հիանալի էին երրորդ դասարանի աշակերտները, որոնք արդարացուցին իրենց ուսուցչուհիին բծախնդիր աշխատանքը։ Սքանչելի էր Գօգօ Հինտոյեանը, որ իր բարկութեամբ ու գոռոզ ինքնավստահութեամբ դարձած էր իսկակա՛ն Յազկերտ, նաեւ՝ Արին Քարազեանը, որ իր հաստատ ու կշռուած խօսքերով՝ Վարդա՛նն էր, վճռակամ ու անվեհեր։ Արինը նաեւ իր «Հիմի էլ լռենք» մեներգով դիւթեց ներկաները։ Նոյնն էր պարագան Մեղեդի Պաղտասարեանին՝ Ղեւոնդ Երէցի դերով, իսկ Շուշանիկի հայրենասիրութեամբ ներկայացաւ Սարին Թերզեանը։ Լարա Հաննէեանը ստանձնած էր Վարդանի մօր դերը, որ մեռելներուն մէջ կ՛որոնէր իր Վարդանը, մինչ Իզապէլ Սապինան յուզիչ եւ հաղորդական վերացումով կը մեկնաբանէր՝ «Լռեց ամպեր»ը, արցունքներ խլելով ներկաներու աչքերէն։ Միջոցին, բոլոր աղջիկները մէջընդ- մէջ երկլեզու պատմեցին հայոց արծիւներուն անուրանալի խոյանքը՝ լաւապէս ներկայացնելով իրենց վստահուած բաժիններ:

Ոգեկոչման աւարտին խօսք առաւ հանդիսութեան հիւրաբար ներկայ գտնուող Ղեւոնդ քհնյ. Քիրազեան, որ դրուատեց աշակերտներուն հայրենասիրութեամբ կատարած ներկայացումը, ապա անդրադարձաւ ճակատամարտի խորհուրդին եւ յայտնեց իր լաւատեսութիւնը՝ ի տես հայ մանուկներու նուիրումին ու դաստիարակներու աշխատանքին:

Վարժարանի տնօրէնուհին՝ քոյր Լուսիա, փակեց հանդիսութիւնը շնորհակալութիւն յայտնելով հայրենաւանդ ուսուցիչներուն եւ երաժշտութեան ուսուցչուհիին։ Ապա, Տէրունական աղօթքի երգեցողութեամբ աշակերտները բաժնուեցան սրահէն, մինչ բոլորին միտքերուն մէջ կենդանացած էր Վարդանն իր յանդգնութեամբ, Ղեւոնդն իր անմոռանալի ճառով, նախարարներն իրենց հաւատարմութեամբ եւ «Տիկնայք փափկասունք»՝ իրենց ազնուականութեամբ, մեզի փոխանցելով դարաւոր պատգամը՝ «Մահ ոչ իմացեալ մահ է, մահ իմացեալ՝ անմահութիւն է»։

Քաղուած Ասպարեզէն








All the contents on this site are copyrighted ©.