(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի, 8 մարտ 2017-ին, Ժենեւ -ի ՄԱԿ-ի կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ բարձր մակարդակի վրայ հանդիպում մը , որուն նիւթը հանդիսացաւ ''փոխադարձ յարգանք եւ խաղաղ համակեցութիւն՝ պայմանները միջ- կրօնային խաղաղութեան ու հաստատման. աջակցիլ քրիստոնեաներուն եւ այլ հասարակութիւններուն''։
Յիշեալ հանդիպումին իր մասնակցութիւնը բերաւ ՄԱԿ-ի մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտ՝ Գերապայծառ Իվան Եուրքովիչ։ Ան իր ունեցած ելոյթին մէջ նկատել տուաւ, որ կրօնային ազատութեան ճանաչումը, առաջնահերթ եւ ամենէն կարեւոր իրաւունքն է մարդկային իրաւունքներուն մէջ եւ բանալին կը հանդիսանայ դիմագրաւելու համար աշխարհին տագնապը, որ յատկանշուած է նոր կրօնային հալածանքներով, որուն առաջին զոհերն են քրիստոնեաները։
Գերապայծառը, կրօնային ազատութիւնը համարեց որպէս ժողովրդային կարեւորագոյն երեւոյթ, ապա ընդգծեց թէ հաւատքի ընտրանքը պէտք է ազատ եւ ստիպողականութենէ զուրկ ըլլայ եւ պաշտպանուած ըլլայ քաղաքական իշխանութիւններու կողմէ ու այս առընչութեամբ հաստատեց թէ բոլոր կրօնական աւանդութիւնները ծառայելու են հաշտութեան, ու հասարակաց բարիքին ու թէ հարկաւոր է շեշտել, թէ կարելի է կառուցել ընկերութիւն մը առողջ բազմազանութիւն բնոյթով ուր յարգուած են ու արժեւորուած են տարբերութիւնները որոնք կարող են դառնալ դաշնակից` մարդու արժանապատուութիւնը յարգելու ու աշխարհի մէջ խաղաղութիւն հաստատելու յանձնառումին։
All the contents on this site are copyrighted ©. |