2017-03-08 09:36:00

Սուրիական երգչախումբերու փառատօնը դամասկոսի մէջ


Հովանաւորութեամբ Սուրիոյ մշակոյթի նախարարութեան, կազմակերպութեամբ «Ասատ» Մշակոյթի եւ արուեստի տան Ընդհանուր խորհուրդին, մասնակցութեամբ Սուրիոյ զանազան քաղաքներէ ժամանած իննը երգչախումբերու, Շաբաթ, 25 Փետրուարէն Հինգշաբթի, 2 Մարտի տեւողութեան, Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսի «Ասատ» Մշակոյթի եւ արուեստի տան Օփերայի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Սուրիական երգչախումբերու փառատօնը:

Խումբերը մէկ շաբթուան ընթացքին հանդէս եկան առանձին համերգներով: Ապա անոնք համատեղ երգեցողութեամբ եզրափակեցին փառատօնը՝ աւելի քան 250 անդամներէ բաղկացած բազմերանգ խումբ մը կազմելով:

Համազգայինի «Զուարթնոց» երգչախումբը հայկական միակ երգչախումբն էր:

Յատկանշական էր «Զուարթնոց»ի մասնակցութիւնը այս համերգին: Խումբ, որ հակառակ Հալէպի պատերազմական դժուար պայմաններուն, շարունակեց իր գործունէութիւնը եւ հրաւիրուեցաւ Դամասկոս, որպէս 47ամեայ վաստակ ունեցող բազմաձայն երգչախումբ:

«Զուարթնոց»ը ելոյթ ունեցաւ վերջին օրը՝ Հինգշաբթի, 2 Մարտի երեկոյեան, խմբավարութեամբ Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեանի, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Ռուզան Պարսումեանի:

Հալէպէն Դամասկոս երկար ճամբայ կտրած «Զուարթնոց»ի անդամները թօթափեցին յոգնութիւնն ու բազմաձայն երգեցողութեամբ նախ գովերգեցին Հալէպի յաղթանակը՝ մեկնաբանելով Մաուսուիյի «Մապրուք Նասրաք», «Ռասասաք Հալապ», Էլի Շուերի «Ռայաթէք պըլ Ալի», Զիատ Պըթրոսի «Ալ Հաքքու Սիլահի» արաբական հայրենասիրական երգերն ու Սելիմ Մասրիի «Լեմմէ Պետէ եթեսեննէ» ստեղծագործութիւնը, ապա ներկայացուցին հայկական երգարուեստէն ընտիր ստեղծագործութիւն մը՝ Թաթուլ Ալթունեանի «Հոյ Նար»ը, որմէ ետք Սետուէյի «Մոսկովեան Գիշերներ» ռուսական երգը:

Համերգը եզրափակուեցաւ Մաուսուիյի «Մապրուք Նասրաք» երգով:

Համերգին ներկայ էին պետական բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, երեսփոխան դոկտ. Նորա Արիսեան, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Կարօ Մանճիկեան, Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչներ, դամասկոսահայ, տեղացի եւ օտար հանդիսատեսներ:

«Զուարթնոց»ը իր բարձրորակ երգեցողութեամբ արժանացաւ ջերմ ծափողջոյններու եւ հանդիսատեսի գնահատանքին:

Հետաքրքրական էր Փառատօնին եզրափակիչ բաժինը: Մայէսթրօ Միսաք Պաղպուտարեան տեղացի երգչախումբերու աւելի քան 250 անդամները ի մի բերելով՝ բաժնած էր խումբերու եւ ստեղծած աշխատանքային խմբակներ: Իւրաքանչիւր խմբակ ընտրած էր նախադասութիւն մը, որ ռիթմիկ երգեցողութեամբ նախ առանձնաբար կատարեց, ապա բոլոր խմբակները միասնաբար հնչեցուցին իրենց ընտրած ռիթմիկ նախադասութիւնները՝ ստեղծելով գեղեցիկ, միաժամանակ հնչեղ ներդաշնակութիւն մը:

Երգչախմբային երգեցողութեան այս ոճը նորութիւն մըն էր, որ երգողներուն համատեղ աշխատելու առիթ ընծայեց:

Այնուհետեւ երգչախումբերը միասնաբար երգեցին հայրենասիրական երկու երգեր՝ զանոնք նուիրելով սուրիական հայրենիքին:

Հանդիսութեան աւարտին, կազմակերպիչ մարմինին կողմէ իւրաքանչիւր երգչախումբ գնահատագիրով պարգեւատրուեցաւ:

Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան ուղղուած գնահատագիրը ստանձնեց խմբավարուհի Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեան, որ իր կարգին Շրջանային վարչութեան կողմէ արծաթեայ վահան մը նուիրեց Դամասկոսի Մշակոյթի եւ արուեստի տան:

Գեղարուեստական իր արժէքին կողքին, համերգը ուղերձ մըն էր Սուրիոյ տագնապը հրահրող ու անոր պատկերը աղաւաղել փորձող բոլոր կողմերուն: Ուղերձ մը, որ կը յուշէր, թէ Սուրիան մշակոյթներու համակեցութեան եւ փոխադարձ հանդուրժողութեան երկիր է ու պիտի շարունակէ պահպանել իր դիմագիծը այսպիսի բարձրորակ ու գօտեպնդող ելոյթներով եւս:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.