2017-03-08 09:29:00

Յունահայոց ազգային վարչութեան ամանորեայ հաւաքը Գո­քի­նիոյ «­Զա­ւա­րեան» կեդ­րո­նին մէջ։


Յու­նա­հա­յոց Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թիւ­նը, ­Նոր ­Տա­րո­ւան ա­ւան­դա­կան գա­թան կտրե­լու եւ այդ ա­ռի­թով նաեւ գա­ղու­թի բո­լոր կա­ռու­ցա­յին միա­ւոր­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը ի մի բե­րե­լու, ­Թե­միս նորն­շա­նակ ­Կա­թո­ղի­կո­սա­կան ­Փո­խա­նորդ ­Գերշ. ­Կո­մի­տաս Արք. Օ­հա­նեա­նի հետ ծա­նօ­թա­նա­լու հա­ւաք մը կազ­մա­կեր­պեց ­Չո­րեք­շաբ­թի՝ 22 ­Փետ­րո­ւար 2017ի ե­րե­կո­յեան, ­Գո­քի­նիոյ «­Զա­ւա­րեան» կեդ­րո­նէն ներս:
Ներ­կայ ե­ղան ­Յու­նաս­տա­նի ­Կա­թո­ղի­կէ ­Հա­յոց ­Վի­ճա­կա­ւոր ­Գե­րա­պայ­ծառ ­Յով­սէփ Թ.Ծ.Վ. Պէ­զա­զեան, ­Վե­րա­պա­տո­ւե­լի ­Վի­գէն ­Չո­լա­քեան, ­Գո­քի­նիոյ եւ ­Նէոս ­Գոզ­մո­սի հո­գե­ւոր հո­վիւ­նե­րը,­Յու­նաս­տա­նի մօտ Հ.Հ. ար­տա­կարգ եւ լիա­զօր դես­պան պրն. ­Ֆա­տէյ Չար­չօղ­լեան, Հ.Հ. դես­պա­նու­թեան ռազ­մա­կան կցոր­դը, ­Թե­մա­կան Ե­րես­փո­խա­նա­կան ժո­ղո­վի ան­դամ­ներ, Տն­տե­սա­կան, Ու­սում­նա­կան ­Խոր­հուրդ­նե­րու եւ ­Ծե­րա­նո­ցի խնա­մա­կալ մարմ­նոյ ան­դամ­նե­րը, Հ.Յ.Դ. ­Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէի ան­դամ­նե­րը, Ատ­տի­կէի ­Թա­ղա­յին ­Խոր­հուրդ­նե­րու եւ ­Տիկ­նանց ­Մար­մին­նե­րու, ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի, Հ.Մ.Ը.Մ.ի ու ­Հա­մազ­գա­յի­նի Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թեանց ան­դամ­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ՝ Հ.Կ.Խ.ի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի տեղ­ւոյն մաս­նա­ճիւ­ղե­րու վար­չու­թեանց ան­դամ­նե­րը, Ս­կաու­տա­կան ու Ե­րի­տա­սար­դա­կան կազ­մե­րու ան­դամ­նե­րը, տնօ­րէն­ներ, ու­սու­ցիչ­ներ, եւ Ծ­նո­ղա­կան Մար­մին­նե­րու ան­դամ­նե­րը եւ մամ­լոյ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը: ­Ներ­կայ էին նաեւ ան­ցեա­լի Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեանց ան­դամ­ներ:
Հա­ւա­քի բա­ցու­մը կա­տա­րեց Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան ա­տե­նադ­պիր պրն. ­Թագ­ւոր Յո­վա­կի­մեան, որ նախ բա­րի գա­լուստ մաղ­թեց բո­լո­րին եւ յատ­կա­պէս ­Գե­րաշ­նորհ Սր­բա­զան ­Հօր, Իր նոր ա­ռա­քե­լու­թեան ստանձ­ման ա­ռի­թով:
Ան ներ­կա­յա­ցուց Սր­բա­զան ­Հօր ամ­փոփ կեն­սագ­րա­կա­նը, ա­պա անդ­րա­դար­ձաւ գա­ղու­թիս ազ­գա­յին-ե­կե­ղե­ցա­կան ներ­կայ ի­րա­վի­ճա­կը յու­զող հար­ցե­րուն եւ զա­նոնք դի­մագ­րա­ւե­լու ուղ­ղու­թեամբ կա­տա­րո­ւած աշ­խա­տանք­նե­րուն:
Գե­րաշ­նորհ ­Կո­մի­տաս Սր­բա­զան նախ շնոր­հա­ւո­րեց ներ­կա­ներն ու ­Յու­նաս­տա­նի մօտ Հ.Հ. ար­տա­կարգ եւ լիա­զօր դես­պան պրն. ­Ֆա­տէյ ­Չար­չօղ­լեա­նը եւ յա­ջո­ղու­թիւն մաղ­թեց բո­լո­րին: Ա­պա՝ անդ­րա­դար­ձաւ այդ օ­րո­ւան ­Վար­դա­նանց տօ­նի նա­խօ­րէի խոր­հուր­դին, Ս. ­Ղե­ւոնդ Ե­րէ­ցի եւ Ս. ­Վար­դան ­Մա­մի­կո­նեա­նի եւ հայ ռազ­միկ­նե­րու ուխ­տին: ­Շեշ­տեց սուրբ հա­ղոր­դու­թեամբ «­Վասն ­Հա­ւա­տոյ եւ ­Վասն ­Հայ­րե­նեաց» անձ­նա­զո­հու­թեան Վար­դա­նանց յանձ­նա­ռու­թիւ­նը, ինչ­պէս նաեւ՝ հայ ժո­ղո­վուր­դի գո­յա­պայ­քա­րին մէջ բո­լոր դա­րե­րուն, ­Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ եւ Ազ­գին սրբու­թեանց ծա­ռա­յող­նե­րու անձ­նո­ւի­րու­թեան միեւ­նոյն ո­գիին շա­րու­նա­կու­թիւ­նը: ­Մաղ­թեց ներ­կա­նե­րուն մեր հայ­րե­րու նուի­րու­մին օ­րի­նա­կը ժա­ռանգ ձգել մեր նոր սե­րուն­դի զա­ւակ­նե­րուն:
Սր­բա­զան ­Հայ­րը ը­սաւ, թէ որ­պէս յու­նա­հայ գա­ղու­թի զա­ւակ­ներ պար­տա­ւոր ենք պա­հե­լու եւ պահ­պա­նե­լու մեր սրբա­զան ա­ւան­դու­թիւն­նե­րը, եւ միշտ սի­րով մօ­տե­նա­լու եւ այդ սէ­րը գործ­նա­կա­նա­պէս ար­տա­յայ­տե­լու ի­րա­րու նկատ­մամբ:
Ա­պա՝ խօսք ա­ռաւ պրն. ­Դես­պա­նը, որ իր կար­գին շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց ու յա­ջո­ղու­թիւն մաղ­թեց Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­Հօր իր ստանձ­նած նոր ա­ռա­քե­լու­թեան, եւ իր յանձ­նա­րու­թիւնն ու զօ­րակ­ցու­թիւ­նը յայտ­նեց օգ­տա­կար ըլ­լա­լու յու­նա­հայ հա­մայն­քին, դի­մագ­րա­ւած հար­ցե­րուն լուծ­ման եւ ա­նոր բար­գա­ւաճ­ման ըն­թաց­քին:
Այ­նու­հե­տեւ՝ Սր­բա­զան ­Հայ­րը օրհ­նեց եւ կտրեց ­Հա­ցը՝ մաղ­թե­լով նոր տա­րեշր­ջա­նի բե­ղուն եւ յա­ջող գոր­ծու­նէու­թիւն: ­Յա­ջոր­դեց հիւ­րա­սի­րու­թիւն ու­րախ եւ տօ­նա­կան մթնո­լոր­տի մէջ:

ԴԻՒԱՆ ՅՈՒՆԱՀԱՅՈՑ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ

 








All the contents on this site are copyrighted ©.