2017-03-08 09:42:00

Գերմանական մամուլը կը դատապարտէ Էրտողանի յայտարարութիւնը


ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրք-գերմանական քաղաքական ճգնաժամը, որ ստեղծուեցաւ Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարար Պեքիր Պոզտաղի եւ տնտեսական նախարար Նիհատ Զէյպեքճիի մասնակցութեամբ Գերմանիոյ մէջ կազմակերպուելիք միջոցառումները չարտօնելու իբրեւ հետեւանք, լայն արձագանգ գտած է գերմանական մամուլին մէջ։ Մանաւա՛նդ նախագահ Էրտողանի այն  պնդումը, թէ այդ որոշումը նացիական սկզբունքներու շարունակութեան հետեւանք է՝ աւելիո՛վ հրահրած է Թուրքիոյ դէմ գերմանական լրատուամիջոցներուն դիրքորոշումը։

«Պիլտ» թերթը գրած է, որ ո՛չ միայն գերմանացիները, այլեւ Գերմանիա բնակող թուրքերը եւս սարսափով դիմաւորած են Էրտողանի խօսքերը։ Թերթը իր սիւնակներուն մէջ տեղ տուած է բազմաթիւ քաղաքագէտներու մեկնաբանութիւններուն՝ նշելով, որ Էրտողանի յայտարարութիւնը անընդունելի է, եւ որ Էրտողան անյապաղ ներողութիւն պէտք է խնդրէ։

«Վել»չ թերթը լայն տեղ տուած է այս հարցին՝ յիշեցնելով, որ թերթի աշխատակիցը՝ Տենիզ Եուճել, տակաւին ձերբակալուած կը մնայ Թուրքիոյ մէջ։ Թերթը կը փոխանցէ վարչապետ Մերքելի խօսքերը, թէ՝ հակառակ Էրտողանի պնդումներուն, Գերմանիոյ մէջ արտայայտուելու եւ ժողովներ կազմակերպելու ազատութիւնը ի զօրու կը մնայ։

«Ֆոքուս» թերթը լուրը կը հաղորդէ՝ «Թուրքիա Կրակի Հետ Կը Խաղայ» խորագիրին ներքեւ, շեշտելով, որ առանց Գերմանիոյ՝ Թուրքիա անճարակ պիտի մնայ, եթէ նկատի առնուի այն իրողութիւնը, որ Թուրքիոյ տնտեսութիւնը ճգնաժամի մէջ է ներկայիս։

Էրտողանի յայտարարութիւնը յայտնուած է նաեւ միջազգային մամուլի կիզակէտին վրայ. հեղինակաւոր թերթեր կը քննադատեն անոր խօսքերը։ Այս թերթերու կարգին է բրիտանական «Տէյլի Թելեկրաֆ» թերթը, որ կը գրէ, թէ Էրտողանի խօսքերը աւելիով կը վատթարացնեն Եւրոմիութեան հետ յարաբերութիւնները, միաժամանակ ծանրօրէն դատապարտելով թուրք նախագահին ըսածները։

Միւս կողմէ, թրքական «Տիքեն» կայքը կը հաղորդէ, որ Էրտողան յայտարարած է, թէ ինք որեւէ ժամանակ կրնայ Գերմանիա երթալ, իսկ եթէ իրեն մուտքը չարտօնեն, ապա՝ «աշխարհը ոտքի պիտի հանեմ»։

Նաեւ, Գերմանիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւի հեղինակներէն՝ թրքածին պատգամաւոր Ճեմ Օզտեմիր նշած է, որ եթէ թուրք նախարարները կը փափաքին քարոզչութիւն կատարել Գերմանիոյ մէջ, ապա պատրաստ պէտք է ըլլան փոխադարձ ազատութիւններ շնորհելու։ «Ես պատրաստ եմ Թաքսիմ հրապարակին վրայ (Պոլիս) հանրահաւաք մը կատարելու, եթէ Անգարան երաշխաւորէ ապահովութիւնս: Շատ հետաքրքրական է, թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ դիմումիս պատասխանը», ըսած է Օզտեմիր, շեշտելով, որ եթէ Թուրքիոյ սահմանադրական փոփոխութիւնները հաստատուին, ապա երկիրը պիտի վերածուի սուլթանութեան։ Միաժամանակ, ան կոչ ըրած է Եւրոպային, որ չլքէ՛ Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարական կարգերու հաւատացող ուժերը:








All the contents on this site are copyrighted ©.