2017-03-07 11:36:00

Քուէյթի հայ առաքելական եկեղեցւոյ առաջնորդին այցը Պապական նուիրակին։


Երկուշաբթի, 6 Մարտ, 2017-ի կէսօրին­, Քուէյթի Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Առաջնորդ՝ Գերպ. Տէր Մասիս Ծ. Վրդ. Զօպույեան այցելեց Քուէյթի մօտ Վատիկանի դեսպանատուն եւ հանդիպեցաւ նորանշանակ դեսպան՝ Պապական Նուիրակ՝ Գերապայծառ Ֆրանչիսկոս Մօնթէսիլլօ Բատիլլաի հետ:

Պատուիրակութեան մաս կազմեցին Արժ. Տ. Արտակ Քհնյ. Քէհեաեան, Ազգային վարչութեան ներկայացուցիչ՝ Պրն. Ռաֆֆի Աբիկեան եւ Պրն. Մարքօ Պապլանեան:

Առաջնորդ Հայր Սուրբը նախ շնորհաւորեց դեսպանը իր նոր պաշտօնին համար եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր: Ապա Գերպ. Հայր Սուրբը պապական նուիրակին փոխանցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Գահակալ՝  Արամ Ա. Կաթողիկոսի ողջոյններն ու բարեմաղթութիւնները, անդրադարձաւ Նորին Սրբութեան Վատիկան այցելութիւններուն եւ Ֆրանչիսկոս Պապին հետ ունեցած հանդիպումներուն եւ ընդհանրապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ու Վատիկանի միջեւ յարաբերութիւններուն, որոնց հիմքը կը հասնէր Կիլիկեան Թագաւորութեան օրերուն:

Ան մասնաւորաբար յիշեց Պապին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը, որ կը նպաստէ արդարութեան հաստատման եւ հատուցման:

Գերպ. Հայր Սուրբը ամփոփ ձեւով ներկայացուց քուէյթահայ գաղութը, եկեղեցին եւ այժմու մարտահրաւէրները: Ան նաեւ խօսեցաւ Քուէյթի համայնքին նոր կալուածի տիրանալու հանգրուաններուն, անոր աշխատանքներուն, Նորին Սրբութեան Քուէյթ այցելութեան եւ Մայիս 19 ին նոր եկեղեցւոյ օծման եւ Առաջնորդարանի բացման եւ ուղեկից ծրագիրներուն մասին:

Պապական Նուիրակը իր խնդակցութիւնն ու քաջալերանքը յայտնեց տարուած աշխատանքներուն համար. Նորին Սրբութեան Քուէյթ այցելութեան մեծ կարեւորութիւն ընծայեց, Քուէյթի պետութեան ի նպաստ քրիստոնեայ եկեղեցիներու արժեւորումին նկատմամբ: Ապա անոնք անդրադարձան շրջանի քրիստոնեայ եկեղեցիներու իրավիճակին եւ անոնց դիմագրաւած  դժուարութիւններուն :

Կարեւորութեամբ յիշուեցաւ երկխօսութեան հրամայականը, ըլլայ ան քրիստոնեայ եկեղեցիներու միջեւ, կամ քրիստոնեայ-իսլամ կրօններուն համար: 
Հանդիպման աւարտին Գերպ. Հայր Սուրբը Պապական Նուիրակին նուիրեց  Արամ Ա. Կաթողիկոսի ''TAKING THE CHURCH TO THE PEOPLE'',  գիրքէն օրինակ մը, ինչպէս նաեւ հայկական խաչափայտ մը, որպէս յիշատակ այս պաշտօնական, սակայն ջերմ հանդիպումին: Պապական նուիրակն ալ իր կարգին Գերպ. Հայր Սուրբին նուիրեց մետալ մը, որպէս սիրոյ ու բարեկամութեան նշան:








All the contents on this site are copyrighted ©.