2017-03-07 09:15:00

Հայաստանի եւ Լիբանանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25-ամեակը


Հայաստանի եւ Լիբանանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25-ամեակին առիթով Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն փոխանակեցին ուղերձներ:

Նախագահ Սարգսեան իր ուղերձին մէջ նշեց, որ Հայաստանի եւ Լիբանանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25-ամեակը նշանակալի իրադարձութիւն է եւ հրաշալի առիթ` արժեւորելու եւ բարձր գնահատելու երկու պետութիւններուն եւ ժողովուրդներուն աւանդական ջերմ յարաբերութիւնները:

Ուղերձին մէջ նշուեցաւ, որ տարբեր առիթներով հնչած է այն միտքը, որ հայ եւ լիբանանցի ժողովուրդները շատ աւելին են, քան բարեկամներ: «Մեր ժողովուրդներուն շփումը դարերու ընթացքին եղած է եղբայրական: Պատահական չէ, որ մեր միջպետական յարաբերութիւնները կը յատկանշուին փոխադարձ վստահութեամբ, ինչպէս նաեւ իրարու օժանդակելու եւ սատարելու մնայուն պատրաստակամութեամբ: Մենք անկեղծօրէն կ՛ուրախանանք Լիբանանի արձանագրած յաջողութիւններով եւ դժուարութիւններ դիմագրաւելու պահուն համերաշխութիւն կը յայտնենք մեր բարեկամ ժողովուրդին:

«Վստահ եմ, որ երկու երկիրները նոյն հաստատակամութեամբ եւ ներդաշնակ ոգիով կը շարունակեն երկարատեւ եւ փոխշահաւէտ համագործակցութիւն զարգացնել, թէ՛ երկկողմանի եւ թէ՛ միջազգային հարթակներու վրայ` ի նպաստ մեր ժողովուրդներուն անվտանգութեան եւ բարօրութեան:

«Ձեզի կը մաղթեմ առողջութիւն եւ յաջողութիւն, իսկ Լիբանանի բարեկամ ժողովուրդին` յարատեւ խաղաղութիւն եւ բարեկեցութիւն», նշուեցաւ ուղերձին մէջ:

Իր կարգին, նախագահ Աուն յղեց ուղերձ մը, որուն մէջ Հայաստանի եւ Լիբանանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25-ամեակին առիթով անդրադարձաւ Լիբանան-Հայաստան երկկողմանի հեզասահ գործակցութեան` քաղաքական, տնտեսական, մշակութային թէ այլ մարզերու մէջ:

Նախագահ Աուն ընդգծեց երկու երկիրներուն եւ ժողովուրդներուն միջեւ յարաբերութիւնները ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը` շեշտելով փոխադարձ շահերը ապահովելու կարեւորութիւնը` մշտապէս հաւատալով ժողովուրդներուն եւ քաղաքակրթութիւններուն միջեւ ժողովրդավարական, ազատութեան եւ փոխադարձ յարգանքի սկզբունքներուն:

«Այս առիթով կ՛ուզեմ նաեւ յայտնել, թէ Լիբանան կը հպարտանայ լիբանանահայ համայնքով: Հայութիւնը Լիբանանի ազգային հիւսուածքին, քաղաքական եւ տնտեսական կեանքին, ինչպէս նաեւ  մշակութային մթնոլորտին  կենարար ներուժն է, եւ իբրեւ այդպիսին մեր միջեւ յարաբերութիւնները կ՛ամրապնդուին եւ մարդկային խոր նշանակութիւն կը ստանան:

Ձեզի կը մաղթեմ յաջողութիւն, իսկ հայ բարեկամ ժողովուրդին` բարգաւաճ օրեր եւ կայունութիւն», նշուեցաւ նախագահ Աունի ուղերձին մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.