2017-03-07 12:00:00

Երուսաղեմի Լատինաց Պատրիարքութեան Առաքելական Կառավարիչը ''բարենորոգումը անհրաժեշտ է''


(Ռատիօ Վատիկան) Երուսաղեմի Լատինաց Պատրիարքութեան առաքելական կառավարիչ՝ Գերապայծառ Փիերպաթթիսթա Փիցցապալլա,  թեմի հաւատացեալներու յղած է   նամակ  մը,   որուն մէջ անդրադարձած է   առաքելական կառավարիչ ընտրուելէ եօթ ամիսներ ետք թեմի գործունէութեան, ներկայ կացութեան ու դիմագրաւած հարցերուն մասին։  Նամակին սկիզբը Ան գրած է թէ  ՝՝Քառասնորդացը,  իսկապէս ապաշխարութեան ուղեւորութիւն մըն է ։ Մենք՝ Պատրիարքութեան եպիսկոպոսներս ու քահանաներս , կը գտնուինք մեղաւորներու շարքին, կը հայցենք  Աստուծոյ Ողորմածութիւնը ինչպէս նաեւ ապաշխարելու շնորհքը՝՝։   Գերապայծառ Փիցցապալլա ապա  անդրադարձած է  Երուսաղեմի Լատինաց Պատրիարքութեան վերջին  170  տարիներուն առաքելութեան՝ ի նպաստ հաւատացեալներուն, իր ժողովրդապետութիւններով ,  կաթողիկէ դպրոցներով  ինչպէս նաեւ բարեսիրական կազմակերպութիւններով որոնք իրենց նպաստը բերելով  վկաները հանդիսացան Քրիստոսի Յարութեան։

Եկեղեցւոյ բարի գործերէն բացի առաքելական կառավարիչը անդրադարձած է նաեւ եկեղեցւոյ գործած սխալներուն ՝՝եկեղեցին զանազան մարզերուն մէջ գործած է նաեւ  սխալներ,  իր առաջնահերթ առաքելութենէն  շեղելով`  որ է   Աւետարանի քարոզչութիւնը ու հովուական ձեռնակները՝՝ գրած է գերապայծառ Փիցցապալլան,   աւելցնելով որ ինք  վերջերս հանդիպած է Եպիսկոպոսներուն քահանաներուն, կրօնաւորներուն ու կրօնաւորուհիներուն, ու զանոնք  քաջալերած է եկեղեցւոյ ներկայ  հարցերը քաջութեամբ, եղբայրական հոգիով ու համեստութեամբ դիմագրաւելու,   յանձնարարելով նաեւ կեդրոնանալ հովուական ձեռնակներուն վրայ ,  նոր հովուական գրասենեակներ բանալով՝  ի սպաս հասարակութեան ծառայութեան.

Գերապայծառ Փիերպաթթիսթա Փիցցապալլա նամակը աւարտած է գրելով,  որ  տակաւին շատ բաներ կան ընելիք, ապա  նշած է, որ ժամանակն է վերանորոգումի, վերակառուցումի,    համոզում յայտնելով, որ իր եպիսկոպոսներն ու քահանաները  պատրաստ են պայքարելու  բարի պատերազմը` եւ քաջութեամբ դէպի  յառաջ ընթանալ։    








All the contents on this site are copyrighted ©.