2017-03-06 10:22:00

Հարաւային Սուտանի եկեղեցիներու խորհուրդի կոչը դադրեցնելու հակամարտութիւնները:


(Ռատիօ Վատիկան) Հարաւային Սուտանի եկեղեցիներու խորհուրդը վերջերս կոչ ուղղած է միջազգային ընտանիքին ՝ երկրին մէջ   մարդկային շտապ   օգնութիւն  մատակարարելու համար, ու միաժամանակ երկիրը աւերակ դարձուցած բախումները  կասեցնելու։

՝՝Մեր երկիրը մարդկային ողբերգութեան ճգնաժամի մէջ կը գտնուի` ուր արդէն  սովը պաշտօնապէս յայտարարուած է՝՝։ Այսպէս գրուած է Հարաւային Սուտանի համամիութենական կազմակերպութեան  մաս կազմող համայնքապետերուն ուղղած կոչին մէջ, որուն մաս կը կազմեն բոլոր քրիստոնեայ դաւանքները։

Կոչը ստորագրութիւնը կը կրէ եկեղեցիներու  խորհուրդի քարտուղար՝ Կաթողիկէ քահանայ՝ հայր Ժամս Օյեթ Կաթանասիոյին ինչպէս նաեւ աւետարանական եկեղեցւոյ պատուելի Փիթեր Կաի Լուալ Մարրովին։

Հաղորդագրութեան մէջ ընդգծուած է նաեւ, որ միլիոնաւոր  քաղաքացիներ  թիրախ դարձած են հակամարտութիւններուն,  եւ անթիւ գաղթականներ փախուստ տուած են երկրէն,    ապաստան գտնելու  հարեւան երկիրներու մէջ, ի մասնաւորի Ուկանտայի մէջ։

ՄԱԿ-ի կողմէ հրապարակուած   հաղորդագրութեան մը մէջ նշուած  է,  թէ Հարաւային Սուտանէն  գաղթելու գլխաւոր պատճառները` բռնութիւնները, քաղաքացիներու սպանութիւնները եւ  ձերբակալուելու վախն են։

Յայտնենք,­ թէ Հարաւային Սուտանի մարդկային տագնապը, համարուած է Ափրիկէի ցամաքամասին մէջ ամենամեծ  տագնապը։  Երկիրը կը տառապի ոչ միայն 2013-ին սկիզբ առած  քաղաքացիական հակամարտութիւններէն,  այլեւ սննդեղէնի ու  վերապրելու համար ամենէ տարրական ինչքերու պակասէն ։    








All the contents on this site are copyrighted ©.