2017-03-05 15:30:00

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին Կիրակի 5 մարտի թուիթները։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Յիսուս այն հաւատարիմ բարեկամն է որ երբեք մեզ չի լքեր. Նոյնիսկ երբ մեղանչենք, Ան համրութեամբ կը սպասէ որ Իրեն վերադառնանք''։ Այս եղաւ  Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Կիրակի 5 մարտի առաւօտեան 11-ին հրապարակած թուիթը` որուն մէջ շեշտը դրաւ Յիսուսի գթասրտութեան ու անհուն ողորմութեան վրայ։(Ռատիօ Վատիկան)

Իսկ յետմիջօրէի 15,30-ին, Ան հրապարակեց նոր թուիթ մը որուն մէջ հաւատացեալներէն խնդրեց որ իրենց աղօթքներուն մէջ յիշեն զինք ու իր համագործակիցները` որոնք մինչեւ ուրբաթ օր` քառասնորդացի Հոգեւոր կրթութեան պիտի մասնակցին։

''Խնդրեմ` եթէ կը բարեհաճիք, ձեր աղօթքներուն մէջ յիշել զիս ու իմ համագործակիցներս, որ մինչեւ ուրբաթ հոգեւոր կրթութիւն պիտի կատարենք'', գրեց Սրբազան Քահանայապետը։








All the contents on this site are copyrighted ©.