2017-03-05 09:26:00

Կիրակի 5 Մարտ 2017 Երկրորդ կիրակի Քառասնորդաց


Չեկայ օրէնքը ջնջելու այլ կատարելագործելու (Մատթէոս 5, 17-30)

Օրէնքի գործադրութիւնը այնքան ստիպողական եղած էր Հրէաներու մօտ, մանաւանդ որ Աստուծոյ տուած տասը պատուիրաններուն վրայ անոնք աւելցուցած էին Թալմուտի` մօտ վեց հարիւր նոր օրէնքներ, որ ժողովուրդին համար անտանելի բեռ մը դարձած էր, եւ ահա Մեսիան` յանձին Յիսուս Քրիստոսի, կու գայ այդ օրէնքին մէջ կարգ մը փոփոխութիւններ ներմուծելու։

Յիսուս սկիզբէն կ՛ըսէ սակայն. Ես չեկայ օրէնքն ու մարգարէները փոխելու այլ կատարելագործելու. Ուստի որքան ալ ծանր ըլլայ օրէնքի բեռը, ան կը մնայ. Ինչ որ կ՛աւելցնէ Յիսուս անոր գործադրութեան ձեւն ու մանրամասնութիւններն են։ Զոր օրինակ, եթէ մէկը բարկանայ ընկերոջ, կռուի բռնուի անոր հետ եւ անարգէ զինք, ճիշդ է որ զինք սպաննած չըլլար, սակայն իր ընթացքը համազօր է հինգերորդ պատուիրանի դէմ գործուած մեղքին։ Մարդուն սրտին անմաքուր փափաքը նոյնիսկ, թէեւ գաղտնի,  սակայն մեղանչում մըն է վեցերորդ պատուիրանին դէմ։

Պէտք է ընդունիլ որ Յիսուսի օրէնքները աւելի խիստ են քան Թալմուտի դրած օրէնսդրութիւնը. Որովհետեւ օրէնքը կը դատէ միայն արտաքինէն, արդ Աստուած, որ կը ճանչնայ մարդուն սրտին խորքը, կը դատէ զայն իր մտածումներէն, առաջ որ անոնք գործի անցնին։ Ինչու՞ այսքան խստութիւն. Որպէսզի մարդը հասցնէ կատարելութեան. Եղէք կատարեալ ինչպէս որ ձեր երկնաւոր Հայրը կատարեալ է։

Այս օրերուս` երբ պաշտօնական անձնաւորութիւններ կը փորձեն օրէնքը շրջանցել եւ դատաւորները որպէս թշնամի նկատել, մենք կը պայքարինք որպէսզի ամէն անհատ, ամէն քաղաքացի հաւասար ըլլայ օրէնքին առջեւ։ Ժամանակին, Ֆրանսայի մէջ, հաց մը գողցող աղքատ մարդը, հոս նկատի ունիմ Վիքթոր Հիւկոյի Ժան Վալժանը, դատապարտուեցաւ քսան տարուայ բանտարկութեան։ Եթէ այսօր աչք պիտի գոցենք միլիոններ իւրացնող քաղաքական անձերու վրայ, կը նմանինք փարիսեցուներուն, որոնք օրէնքը խստօրէն գործադրել կու տային խեղճ ժողովուրդին եւ իրենք զիրենք զերծ կը նկատէին օրէնքի պարտադրած ստիպողութիւններէն։

Քառասնորդացի շրջանը ժամանակ կու տայ մեզի որ զգաստանանք եւ արթնցնենք մեր խիղճն ու հոգին, որոնք պիտի դատեն ոչ միայն մեր խօսքերն ու գործերը, այլ նոյնիսկ մեր գաղտնի մտածումները։ Այո, պահքը եւ ծոմը օգտակար միջոցներ են հրաւիրելու մեր անձը աւելի մօտէն զբաղելու մեր հոգիի փրկութեամբ, սակայն անոնք էականը չեն կազմեր քրիստոնէական ապաշխարանքին։ Հարկ է որ գիտնանք զսպել մեր չար հակումները, մեր բերնէն ելած խօսքերը եւ մեր ձեռքերէն եկած գործերը, որպէսզի եղբայրական մերձեցում ունենանք մեր շուրջիններուն հետ։

Հարկ է որ համոզուինք նաեւ թէ ինչ որ մակերեսային է եւ արտաքին, կրնայ օգտակար ըլլալ մեր հոգւոյն, սակայն խոր ազդեցութիւն չի գործեր անոր վրայ։ Այսօր եկեղեցին մասնաւոր պարտականութիւններ չի դներ քառասնորդաց շրջանի համար. Ամէն անհատ կրնայ ինքիրեն պարտադրել զոհողութիւններ, սակայն գլխաւոր քայլը աւելի հոգեւոր պէտք է ըլլայ, որպէսզի մեր ապաշխարանքը ազդեցիկ դառնայ թէ մեզի եւ թէ մեր մերձաւորին համար։

Օրինակը կու գայ նոյնինքն Յիսուսէն, որ կրնար խուսափիլ չարչարանքէն ու դաժան մահէն, սակայն ընգրկեց զայն մեծագոյն սիրով եւ զոհողութեամբ, բոլոր մարդոց փրկութեան համար։ Ամէն։

Հայր Յովսէփ Քէլէկեան








All the contents on this site are copyrighted ©.