2017-03-04 09:11:00

Կիրակի 5 Մարտին սկիզբ կ՛առնէ Հռոմէական Քուրիայի քառասնորդացի Հոգեւոր կրթութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 5 Մարտ 2017-ի յետմիջօրէին  Հռոմի մօտակայքը գտնուող Արիչչա գիւղաքաղաքի ''Աստուածային Վարդապետ'' կեդրոնին մէջ, սկիզբ կ՛առնէ Հռոմէական Քուրիայի քառասնորդացի Հոգեւոր կրթութիւնը որուն իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Ֆրանչիկսոս Սրբազան Քահանայապետը։

Այս տարուայ հոգեւոր կրթութեան քարոզիչն է Ֆրանչիսկեան միաբանութեան անդամ  53 ամեայ Հայր Ճուլիօ Միքելինի որ որպէս խորհրդածութիւններու նիւթ ընտրած է.

''Յիսուսի չարչարանքները, մահն ու Յարութիւնը ըստ Մատթէոս Աւետարանիչին''։

Հոգեւոր կրթութիւնը վերջ կը գնտէ յառաջիկայ ուրբաթ 10 Մարտի առաւօտեան։ Վերոյիշեալ հինգ օրերու ընթացքին դադրած կը համարուին Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին բոլոր գործունէութիւնները։   








All the contents on this site are copyrighted ©.