2017-03-04 11:30:00

Իգնատիոս Եուսիֆ Գ Եունան Պատրիարքի մտահոգութիւնը Ասորի Կաթողիկէ համայնքի նկատմամբ:


(Ռատիօ Վատիկան) Անտիոքի Ասորիներուն պատրիարք՝ գերերջանիկ Իգնատիոս Եուսիֆ Գ Եունան, Սուրբ Երկրի  Ֆրանչիսկեաններու terrasamta.net լրատուական  կայքի  անձնակազմին հետ ունեցած ելոյթին մէջ անդրադարձած է Սուրիոյ Ասորի համայնքի իրավիճակին. յայտնելով թէ ''թեմին բոլոր հաւատացեալները վտարուեցան եւ անոնք ամենէն հալածուածները  հանդիսացան Մահմետական ծայրայեղականներու կողմէ''։

''Աւելի քան 12 հազար ընտանիքներ ՝որպէս գաղթականներ կը գտնուին   Քիւրտիսթան  եւ  այլ ընտանիքներ ապաստան գտած  են Յորդանան եւ Թուրքիա''ըսած է  Ասորիներու Պատրիարքը ,  ապա բաղդատելով  ներկայի  քրիստոնեաներու կրած հալածանքները անցեալին հետ,  ընդգծած է, որ այսօր ոչ միայն վտանգուած են անհատներ այլ համայն Ասորի  Կաթողիկէ փոքրամասնութիւնը`  որ կը գտնուի  աշխարհի մակերեսէն անհետանալու եզրին ։

Ան ապա  մեծ մտահոգութիւն յայտնած է Եւրոպա­ ու  Աւստրալիա  գաղթած քրիստոնեաներու նկատմամբ նշելով,  թէ  դժուար  է  երիտասարդները  համոզել վերադառնալու իրենց  հողերը  եւ ապրելու  քրիստոնեայի  յոյսը, ընդգծելով նաեւ թէ  Ասորի Կաթողիկէ հասարակութիւնը ամէնէն հին քրիստոնեայ հասարակութիւնն է,  որ մինչեւ օրս՝ կը շարունակէ խօսիլ` Յիսուսի գործածած Արամերէն լեզուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.