(Ռատիօ Վատիկան) Դամասկոսի Մարոնիթ եկեղեցւոյ թեմի Արքեպիսկոպոս Սամիր Նասսար, հրապարակած է Քառասնորդաց շրջանի հովուական թուղթ մը, որուն մէջ նշած է, թէ Սուրիոյ քրիստոնեաները, քառասնորդացի շրջանը դառն կացութեան մէջ կ՝ապրին։ Ան՝ ապա Սուրիոյ եկեղեցւոյ ծանր պայմաններու շարքին ընդգծած է Քահանաներուն տագնապը, որոնք քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին, լքած են երկիրը՝ զրկելով հաւատացեալները հովուական սփոփանքէն ։
Սուրիոյ մէջ ժողովրդապետութիւնները` պատերազմի բերումով ականատես եղան հաւատացեալներու մեծ թիւի նուազումին ու նաեւ հովուական ձեռնակներու նուազումին ,գրած է Մարոնիներու հոգեւոր պետը ,ապա յայտնած , թէ 27 քահանաներ հեռացած են Դամասկոսի եկեղեցիէն, այս մէկը որակելով զօրաւոր հարուած արդէն անկումի մէջ գտնուող երկրի քրիստոնեայ փոքրամասնութեան։
Արքեպիսկոպոս Նասսար, քառասնորդացի պատգամը եզրափակած է նշելով, թէ սոյն լքումի եւ աղքատութեան պայմաններուն մէջ է, որ 2017 թուի քառասնորդացը, անապատին մէջ առիթ կ՝ընծայէ անդրադառնալու եկեղեցւոյ պատասխանատուութեան ու անոր ներկայութեան՝ դժուարութեան մէջ գտնուող հաւատացեալներուն կողքին, առիթ է նաեւ բանալու նոր ուղիներ զոր կ՝առաջնորդեն դէպի Յարուցեալ Քրիստոս։
All the contents on this site are copyrighted ©. |