2017-03-03 08:38:00

Սուրբ Աթոռը ոչ կ՛ըսէ մահապատիժին. Արդարութիւն չի կատարուիր ուրիշը սպաննելով։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի, մարտ մէկին, Ժընեւի մէջ գումարուեցաւ ՄԱԿի մարդկային իրաւունքներու խորհուրդի 34րդ նիստը, որ քննարկեց մահապատիժի խնդիրը։

Այս առիթով Արքեպիսկոպոս Իւան Եուրքովիչ, ՄԱԿի մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտը, զեկոյց մը կատարեց, նշելով, թէ ներկայ հանգրուանին չկան բաւարար փաստեր՝ թէ մահապատիժը որեւէ ազդեցութիւն ունի ոճրային յանցագործութիւններու վրայ։

Ան գնահատեց շատ մը երկիրներու՝ մահապատիժի վերացման ի նպաստ տարած ջանքերը, եւ յիշեց Ֆրանչիսկոս Պապի խօսքը՝ թէ «նոյնիսկ ոճրագործ մը ունի կեանքի անբռնաբարելի իրաւունքը»։

Մարդկային արդարութիւնը սխալական է, եւ մահապատիժը անդարձ է. երբեմն անմեղ անձեր մահուան կը դատապարտուին։ Այս պատճառով Արքեպիսկոպոս Եուրքովիչ կոչ ուղղեց օրէնսդրական եւ արդարադատական իշխանութիւններուն, որոնելու միջոցներ՝ ապահովելու համար որ յանցագործները զղջան իրենց արարքներուն վրայ եւ դարմանում կատարեն։ Արքեպիսկոպոսը մատնանշեց Ֆրանչիսկոս Պապի խօսքերուն՝ «Իրաւունքի Պետութեան մը համար մահապատիժը ձախողանք կը ներկայացնէ, որովհետեւ կը պարտադրէ պետութիւնը սպանել՝ յանուն արդարութեան։ Սակայն երբեք կարելի չէ արդարութեան հասնիլ՝ մարդկային էակի մը սպանութեամբ։»

Սուրբ Աթոռի դէտը նկատել տուաւ թէ ոճրագործութիւնը դիմագրաւելու համար գոյութիւն ունին աւելի մարդկայնական միջոցներ։ Պէտք է մէկ կողմանէ երաշխաւորել արդարութիւն՝ զոհերուն, եւ միւս կողմանէ ոճրագործին առիթ տալ որ իր կեանքը փոխէ։

Արդար ընկերութիւն մը ամբողջութեամբ կը յարգէ մարդկային արժանապատուութիւնը։ Վերջապէս, Գերապայծառ Եուրքովիչ կոչ ուղղեց բոլոր անդամ պետութիւններուն, որ բարելաւեն նաեւ բանտարկութեան պայմանները՝ յարգելով իւրաքանչիւր անհատի արժանապատուութիւնը, անկախ անոր կատարած ոճիրէն, եւ երաշխաւորեն մեղադրեալներուն հաւասար եւ արդար դատավարութեան իրաւունքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.