2017-03-03 10:13:00

Մուսուլի եկեղեցիները կանգուն կը մնան


Մամբրէ քհնյ. Հմայեակեան Իրաքի քրտական հատուածի Տհոք քաղաքէն կը հաղորդէ, որ ցայսօր Մուսուլը ամբողջութեամբ չէ ազատագրուած, բայց ազատագրուած է այն շրջանը, ուր կը գտնուի նորակառոյց հայկական եկեղեցին, որ վերջին տարիներու զարգացումներուն պատճառով տակաւին չէ օծուած։

Մամբրէ քահանան կը շեշտէ, որ հայկական մամուլին մէջ տարածուած այն տեղեկութիւնները, ըստ որոնց՝ երեք հայ ընտանիքներ վերադարձած են իրենց տուները՝ Մուսուլ, չեն համապատասխաներ իրականութեան։ Քահանային կարծիքով՝ նմանօրինակ լուրերու պատճառ հանդիսացած է սխալ թարգմանութիւնը այն տեղեկութիւններուն, որ՝ երեք քրիստոնեա՛յ ընտանիքներ վերադարձած են Մուսուլ։ Ան ապա աւելցուցած է, թէ այդ ընտանիքներէն միայն մէ՛կը հայ է։

Նաեւ, վերջերս Մուսուլ այցելած է տեղւոյն Թաղային խորհուրդի ատենապետ Անդրանիկ Կիւլիզեան։ Ան կ՛ըսէ, թէ նորակառոյց եկեղեցին քանի մը անգամ փորձած են պայթեցնել, բայց բաւական ամուր կառուցուած ըլլալուն շնորհիւ, եկեղեցին կանգուն մնացած է։ Գալով Մուսուլի Ս. Էջմիածին եկեղեցւոյ, ապա ժողովուրդին մէջ լուրեր կը շրջին այն մասին, թէ եկեղեցին «Իսլամական պետութեան» ահաբեկիչներուն կողմէ պղծուած է եւ գործածուած է իբրեւ բանտ եւ դատարան։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.