2017-03-03 09:08:00

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մասնակցութիւնը ''Ալ Ազհար''-ի համագումարին։


Կազմակերպութեամբ Եգիպտոսի սիւննի համայնքի հոգեւոր կեդրոնին եւ «Ազհար» համալսարանին, 28 փետրուարէն 2 մարտ 2017-ին Գահիրէի մէջ տեղի ունեցաւ միջազգային համագումար մը` «Ազատութիւն, քաղաքացիութիւն, բազմազանութիւն եւ ամբողջականութիւն» խորագիրով:

Սոյն համագումարին իր պատգամը փոխանցելու հրաւիրուած էր նաեւ Արամ Ա. կաթողիկոս: Յանուն վեհափառ հայրապետին համագումարին մասնակցեցան Թեհրանի թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան եւ կաթողիկոսարանի տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչ Պետրոս վրդ. Մանուէլեան:

Համագումարի բացման հանդիսութեան, ուր ներկայ էին աւելի քան հազար մասնակիցներ, սրբազան հայրը կարդաց վեհափառ հայրապետին պատգամը: Իր պատգամին մէջ վեհափառ հայրապետը կը շեշտէր քրիստոնեայ-իսլամ համակեցութեան կարեւորութիւնը` մեծապէս կարեւոր նկատելով պատմութեան խորքէն եկող քրիստոնէութեան եւ իսլամութեան համատեղ գործակցութեան օրինակը:

Սրբազան հայրը առանձին հանդիպում մը ունեցաւ ղպտի եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Թէոտորոս Բ. պապին հետ, եւ անոր փոխանցեց վեհափառ հայրապետին եղբայրական ողջոյնները: Սրբազանը առանձին հանդիպում ունեցաւ նաեւ «Ազհար»-ի հոգեւոր առաջնորդ շէյխ դոկտ. Ահմետ Թայիպին հետ, եւ անոր փոխանցեց վեհափառ հայրապետին բարեմաղթութիւնները, ինչպէս նաեւ գնահատանքը նման կարեւոր միջազգային համագումարի մը կազմակերպման համար: Համագումարի ընթացքին սրբազան հայրը առիթ ունեցաւ առանձնաբար հանդիպումներ ունենալու մարոնի, յոյն կաթողիկէ եւ քաղդէացի պատրիարքներու ու զանազան եկեղեցիներու ներկայացուցիչներու հետ:

Համագումարի աւարտին հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ յատկապէս շեշտուեցաւ համաքաղաքացիութեան կարեւորութիւնը` իբրեւ մեկնակէտ քրիստոնեայ-իսլամ գործակցութեան: Հաղորդագրութիւնը անդրադարձաւ նաեւ ծայրայեղական շարժումներուն եւ անոնց գործադրած բռնութեան ու ահաբեկչական գործողութիւններուն, որոնք ոչ մէկ ձեւով կապ ունին իսլամ կրօնին հետ:








All the contents on this site are copyrighted ©.