2017-03-02 09:29:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ''Քառասնորդացը ժամանակաշրջան է ոչ ըսելու Հոգիի շնչահեղձութեան''


(Ռատիօ Վատիկան) ''Քառասնորդացը ժամանակ է ոչ ըսելու Հոգիի շնչահեղձութեան, ապականումի,անտարբերութեան եւ եսասիրութեան ու մեր սրտերը բանալու Աստուծոյ շունչին` Միակը որ կարող է փոշին վերափոխելու մարդկութեան''։ Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին արտասանած քարոզին կեդրոնական նիւթը` օր մոխրոցի առթիւ, Հռոմի Ավենթինօ շրջանի մէջ գտնուող  Սանթա Սապինա պազիլիքայի մէջ մատուցած սուրբ պատարագի ընթացքին։

Պատարագէն առաջ, աւանդութեան համաձայն, Սրբազան Քահանայապետը գլխաւորեց նաեւ օր մոխրոցի ապաշխարութեան թափօրը զոր` մեկնելով Սան Անսելմօ եկեղեցիէն ուղղուեցաւ Սանթա Սապինա Պազիլիքա եւ որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Կարդինալական, եպիսկոպոսական ու կղերական դասի անդամներ, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ հաւատացեալներ։

''Վերադարձէք Տիրոջ որ ողորմած է''։ Սրբազան Քահանայապետը կրկնեց Յովէլ մարգարէի այս խօսքերն ու հրաւէրը` հայեացքը` անգամ մը եւս  ուղղելու Հօր ողորմութեան վրայ։

Մենք փոշի ենք Աստուծոյ սիրալիր ձեռքերուն մէջ որ մեզ կը փրկէ Սուրբ Հոգւոյն շունչով ըսաւ Նորին Սրբութիւնը բացատրելով թէ Քառասնորդացը ճանապարհն է որ մեզ կը տանի դէպի ողորմութեան յաղթանակը` այն ամէն բաներու վրայ որ կը փորձեն փշրել մեզ։ Ճանապարհն է ստրկութենէն դէպի ազատութիւն, տառապանքէն դէպի երջանկութիւն, մահուընէ դէպի կեանք։

Մենք հողէ – փոշիէ կազմուած ենք սակայն Աստուած մեզ փրկեց սուրբ հոգւոյն կենդանարար շունչով։ Ան կ՛ուզէ շարունակել մեզի պարգեւել այդ շունչը որ մեզ կը փրկէ այլ տեսակ շունչերէ,­ այն շնչահեղձութենէն որ կը բխի մեր եսասիրութենէն, մեր անտարբերութեան զգացումներէն. շնչահեղձութենէն որ կը խեղդէ հոգին, որ կը սահմանափակէ հորիզոնը ու կը թմրեցնէ սրտին տրոփումը։

Աստուծոյ կենդանարար շունչը մեզ կ՛ազատէ այն շնչահեղձութենէն որ մեր հաւատքը կը մառէ, մեր սէրը կը սառեցնէ ու մեր յոյսը կ՛ոչնչացնէ։

''Քառասնորդացը ժամանակաշրջան է ոչ ըսելու Հոգիի շնչահեղձութեան, ապականումի,անտարբերութեան եւ եսասիրութեան։ Ժամանակաշրջան է ոչ ըսելու կեանքը նսեմացնող որեւէ փորձի, ոչ ըսելու ունայն խօսքերուն,  կոշտ ու անիրաւ քննադատութիւններուն եւ կամ  պարզեցուած վերլուծումներուն''։

Ոչ շնչահեղձութեան` աղօթքի մը որ մեր խղճերը կը հանգստացնէ, ողորմածութեան որ մեզ կը բաւարարէ, պահքի մը որ մեզի նկատել կու տայ թէ արդար ենք'' ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ու հաստատեց թէ Սուրբ Զատկուայ նախապատրաստութիւնը ժամանակ է նաեւ հարց տալու թէ ի՞նչ պիտի պատահեր մեզի` առանց Աստուծոյ ողորմութեան որ մեզի միշտ թոյլ կու տայ վերսկսելու, թէ ի՞նչ պիտի պատահեր` առանց այն բազմաթիւ  լռելեան դիմագիծերուն որոնք մեզի ձեռք երկարեցին''։
Քառասնորդացը ըսաւ հուսկ Սրբազան Քահանայապետը քարոզի աւարտին ժամանակն է մեր սրտերը բանալու Աստուծոյ շունչին` որ Միակն է կարող` մեր փոշին վերափոխելու մարդկութեան։ Ժամանակն է մեր կեանքին մէջ տեղ տալու բարիին ու բարի գործերուն, մերկանալով այն բոլոր բաներէն որոնք մեզ կը կղզիացնեն ու մեզ կը փակեն ու անդամալոյծ կը դարձնեն։ Քառասնորդացը բացուիլ է Աստուծոյ ու բարիին։








All the contents on this site are copyrighted ©.