2017-03-02 09:10:00

Սուրիական բանակը վերատիրացաւ Փալմիրի հնագիտական քաղաքին


Սուրիական բանակն ու անոր դաշնակիցները ազատագրեցին Փալմիրի հնագիտական քաղաքը եւ հսկողութեան տակ առին Թըտմոր քաղաքը: Այդպիսով, սուրիական բանակը խզեց մատակարարման գիծը զինեալներուն, որոնց շարքերը, ըստ «Մայատին»-ին, քայքայուած են:

Այս երկրորդ անգամն է, որ Սուրիոյ բանակը կ՛ազատագրէ Փալմիրը: Առաջին անգամ քաղաքը ազատագրուած էր մարտ 2016-ին:

Վարչապետ Կարապետեան. «Կ՛ակնկալենք, Որ Սփիւռքի Մեր Հայրենակիցները Ներկայացնեն Առաջարկներ, Բանաձեւեր»

Երէկ կառավարութեան հետ հարցուպատասխանի ժամանակ Ազգային ժողովի Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան խմբակցութեան պատգամաւոր Լեւոն Մարտիրոսեան` վարչապետ Կարէն Կարապետեանին ուղղեց հարցում մը, որ կը վերաբերէր սփիւռքին ուղղուած կոչին:

Յիշեցնենք, որ վարչապետ Կարէն Կարապետեանը կոչ ուղղած էր  սփիւռքին` իրենց ներուժը Հայաստանի մէջ ներդնելու: Պատգամաւորը հարցուց, թէ ատիկա ի՛նչ մեքանիզմով պիտի կազմակերպուի:

Վարչապետը պատասխանեց, որ սփիւռքը «հիանալի մեծ ներուժ» ունի, եւ բոլոր մարզերուն մէջ կարելի է ներդնել այդ ներուժը:

«Մենք տուած ենք հեռաձայնի թիւեր, որ մեզի հետ կապուին: Իսկ մեքանիզմները տարբեր են, կ՛ակնկալենք, որ մեր հայրենակիցները  իրենք ներկայացնեն առաջարկներ, բանաձեւեր, թէ ինչպէ՛ս կը տեսնեն  իրենց ներուժի ներդրումը Հայաստանի մէջ», ըսաւ վարչապետ Կարէն Կարապետեան:








All the contents on this site are copyrighted ©.