2017-03-02 08:26:00

Բ Համաշխարհային Պատերազմէն ետք Սուրիոյ հակամարտութիւնը ամենամեծ մարդկային աղէտն է


Եւրոխորհուրդի գլխաւոր քարտուղար Թուրպէոռն Եագլանտ յայտարարած է, որ սուրիական զինուած հակամարտութիւնը իր բացասական հետեւանքներով ամենախոշորն է Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի աւարտէն ետք:

ԹԱՍՍ գործակալութեան փոխանցմամբ`  ան այս մասին յայտարարած է ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու խորհուրդի նախարարական նիստին:

«Դեռ ոչ մէկ տեղ հետեւանքները այդքան աղէտալի եղած են, ինչպէս Սուրիոյ մէջ, ուր հակամարտութիւնը մարդու իրաւունքներու բնագաւառին մէջ ծանրագոյն աղէտի վերաճած է Երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն մինչեւ հիմա: Ինչպէս սուրիական, այնպէս ալ շարք մը այլ ճգնաժամեր կը յանգեցնեն այն բանին, որ մենք հարկադրուած ենք ապրելու մարդոց զանգուածային հարկադիր տեղահանման դարուն»,- նշած է Եագլանտ:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.