2017-03-01 09:10:00

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին «Պահեցողութեան» ժամանակաշրջանի տասնաբանեան առաջարկները


-Ծոմ պահէ՛ ուրիշները դատելու փոխարէն Քրիստոսը անոնց մէջ որոնէ՛:
-Ծոմ պահէ՛ վիրաւորիչ եւ արհամարհական խօսքերու փոխարէն բուժիչ եւ օգտաշատ խօսքեր հնչեցո՛ւր:
-Ծոմ պահէ՛ տրտունջի փոխարէն կեանքդ շնորհակալական եւ երախտապարտ զգացումներով լիացո՛ւր:
-Ծոմ պահէ՛ բարկութեան փոխարէն հոգիդ համբերութեամբ լիացո՛ւր:
-Ծոմ պահէ՛ ամբաստանութեան փոխարէն սիրտդ քրիստոնէավայել լոյսով լեցո՛ւր:
-Ծոմ պահէ՛ քանդիչ կասկածամտութեան փոխարէն Աստուծոյ հանդէպ վստահութեամբ լեցուէ՛:
-Ծոմ պահէ՛ գանգատին փոխարէն վեհանձները արժեւորէ՛:
-Ծոմ պահէ՛ ուրիշներէն յուսահատելուն փոխարէն սիրտդ ներողամտութեամբ համակէ՛:
-Ծոմ պահէ՛ ոխակալութեան փոխարէն հոգիդ ուրիշներուն հանդէպ համբերատարութեամբ լիացո՛ւր:
-Ծոմ պահէ՛ երկչոտութեան եւ մեղկութեան փոխարէն ինքզինքդ հաւատքի ջերմութեամբ համակէ՛:








All the contents on this site are copyrighted ©.