2017-02-28 13:58:00

Ֆրանչիսկոս Պապ պիտի այցելէ Քարփիի թեմը


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի, 28 փետրուարին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը որուն մէջ տեղեկացուց, թէ կիրակի 2 ապրիլ 2017-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ  հովուական այեցլութիւն պիտի կատարէ Իտալիոյ Էմիլիա Ռոմանիա մարզի  մէջ գնուող Քարփիի թեմին։

Այլ հաղորդագրութեամբ մը Գերապայծառ Ֆրանչէսքօ Քավինա՝ Քարփի թեմի եպիսկիոպոսը`  իր խնդակցութիւնը յայտնեց Ֆրանիչսկոս Պապի սոյն այցելութեան համար.

՝՝Սրբազան Հայրը պիտի գայ հանդիպելու եկեղեցւոյ մը հետ որ հաւատքի ուղեւորութեան մէջ կը գտնուի ու կ՝ապրի յոյսի պահեր՝ 2012-ին պատահած երկրաշարժէն  ետք ՝՝ գրած է առաջնորդը  աւեցնելով թէ  ՝՝Համայն քրիստոնեայ ու քաղաքցիական հասարակութիւնը, յառաջիկայ 25 մարտ 2017-ին կայանալիք  Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ վերաբացումէն ետք, մեծ գորովով  ու ջերմութեամբ  պիտի համախմբուի Սուրբ Պետրոսի Յաջորդին շուրջը, անսալու համար  քաջալերանքի  խօսքեր եւ յոյսով  ու հաւատքով  յարատեւելու համար այն  ուղիին վրայէն զոր Ան միշտ ցոյց տուաւ,Քրիստոսի մէջ հաստատելու համար նաեւ Քարփիի եկեղեցին։   








All the contents on this site are copyrighted ©.