(Ռատիօ Վատիկան) Գահիրէի Ալ Ազհար համալսարանին մէջ 27-28 փետրուարին, տեղի ունեցաւ Իսլամ-Քրիստոնեայ միջկրօնական գիտաժողով, նախաձեռնութեամբ Սիւնիններու համալսարանի Ահմատ Ալ Թայյիպ Աւագ իմամին։
Ւսլամ-Քրիստոնեայ միջ-կրօնական գիտաժողովին կեդրոնական նիւթեր հանդիսացան, կրօնական ազատութիւնը, Պետութեան քաղաքացիական բնոյթը, քաղաքացիութեան իրաւունքը եւ հետեւաբար` օրէնքի դիմաց բոլորին հաւասարութիւնը ու տարբերութիւններու յարգանքը։
Գիտաժողովին, որ երկրորդն է իր տեսակին մէջ 2014-ին գումարուած առաջին գիտաժողովէն ետք, իրենց մասնակցութիւնը բերին, կրօնական ասպարէզի ներկայացուցիչներ ինչպէս նաեւ, համալսարանական, գիտական եւ արաբ աշխարհէն՝ ներառեալ Լիբանանէն բազմաթիւ իշխանութիւններ։
Գիտաժողովին նպատակն է զարգացնել լուսաւոր եւ արդի իսլամութիւն մը, որ կարող է արդիականութեան հետ յարաբերիլ, հաւատարիմ մնալով իր իւրայատկութեան ու աւանդութեան՝ առանց բռնութեան դիմելու։
All the contents on this site are copyrighted ©. |