2017-02-28 08:55:00

Պահքի խորհուրդը


Եկեղեցական տօնացոյցին համաձայն, տարին բաժնուած է տօնական եւ պահքի օրերու:

Պահքի 158 օրերուն մեծ մասը կարճատեւ պահքեր են, այսինքն օրապահքեր ( Չորեքշաբթի եւ Ուրբաթ օրերը՝ յիշատակ Յիսուսի Քրիստոսի մատնութեան եւ չարչարանքներուն) եւ շաբաթապահքեր, իսկ ամենաերկարատեւ պահքը Մեծ կամ Քառասնորդական պահքն է :

Մեծ պահքի շրջանը նախընթաց է Յիսուսի Քրիստոսի Սուրբ Յարութեան տօնին եւ կը տեւէ 48 օր : Այս տարի Մեծ Պահքը կը սկսի 27 Փետրուարին եւ կը տեւէ մինչեւ 16 Ապրիլ Ս. Զատիկ:Պահքի ժամանակ  իւրաքանչիւր քրիստոնեայ, պէտք է  փորձէ նուազագոյնը հեռու մնալ մեղքերէն:

Ինչպէ՞ս պահք կը պահենք: 

Առաջին. պէտք է հրաժարինք կենդանական բաղադրութիւն ունեցող ամէն տեսակի կերակուրներէ ( մսեղէն, կաթնեղէն, ձկնեղէն եւայլն) :

Երկրորդ. հեռու մնալ  մոլութիւններէն ( ծխախոտ, խմիչք, թմրադեղ, թղթախաղ, խնճոյք եւ զուարժանքներ, ագահութիւն եւայլն ) : Անշուշտ, մոլութիւններէն հրաժարելու համար պէտք չէ սպասենք պահքին այլ պէտք է զանոնք փորձենք ջնջել վերջնականապէս մեր կեանքէն:

Երրորդ. հեռու մնալ ամուսնական յարաբերութիւններէն ու տեղ չտալ մեր մարմնական փափաքներուն, խօսքը անշուշտ ընտանիքի մասին է, իսկ ինչ կը վերաբերի ընտանիքէ դուրս յարաբերութիւններուն, եկեղեցին կը մերժէ եւ կ'արգիլէ այսպիսի յարաբերութիւնները:

Չորրորդ. մեր լեզուները մաքուր պահենք ( ստախօսութենէն, հոյհոյանքէն, շատախօսութենէն, եւ ամէն տեսակ անկրթութենէն որոնք դէմ են մարդկային արժանապատուութեան ) :

Հինգերորդ. ըլլանք համեստ եւ չի գանգատինք  եւ հպարտանանք պահքի ժամանակ  (այսինքն պէտք չկայ ամէն ժամ յիշեցնելու մեր շուրջիններուն որ պահք պահած ենք) . փորձենք չ'ըլլալ անձնասէր :

Ամէնէն առաջ եւ աւելի կարեւորը պահքի շրջանին, աղօթենք եւ Սուրբ Գիրքը կարդանք: Զղջանք՝ եւ ապաշխարենք քանի որ ասիկա կը

հանդիսանայ հիմնական պայմանը որպէսզի Աստուած մեզ բժշկէ եւ մեր մեղքերը ջնջէ:

Փորձենք եւ ջանանք բարիք ընել: Մեր մեծերը յարգենք, աղքատներուն օգնենք, անօթիները կերակրենք, նիւթապէս եւ բարսյապէս օգնենք այն մարդոց  որոնք մեզմէ աւելի վատ պարագաներու մէջ կ'ապրին եւ թեթեւցնենք անոնց հոգերը:

Պահքի շրջանին կարեւոր է զօրացնել մեր հոգեւոր շնորհքները եւ յատկապէս եղբայրասիրութիւնը, քանի որ, ինչպէս Եզնիկ Կողբացին կ'ըսէ « մէկը կրնայ կենդանիի միսը չուտել՝ բայց անդադար իր եղբօր միսը կը ծամէ»:

Մեծ պահքը ունի եօթը կիրակի:

Ինչպէս որ գիտենք, մեծ պահքի  շրջանը 48 օր է եւ այս 48 օրուան մէջ ունինք եօթը կիրակի եւ ամէն կիրակի ունի իր եկեղեցական իմաստը :

Առաջին կիրակին կոչուած է « Բարեկենդան». կը նշանակէ մարդուն դրախտային երջանկութեան կեանքը:

Երկրորդ կիրակին կոչուած է « Արտաքսման». կը նշանակէ մարդուն վռնտուիլը դրախտէն եւ Աստուած տեսնելէ զրկուիլը:

Երրորդ կիրակին կոչուած է  « Անարատ». կը նշանակէ Աստուծոյ դառնալ եւ կորսնցուցած դրախտը գտնել՝ պայմանով որ ապաշխարենք :

 Չորրորդ կիրակին կոչուած է « Տնտես ». կը նշանակէ սորվիլ նիւթական հարստութիւնը ինչպէս գործածել մեր յաւիտենական փրկութեան կամ անցաւոր կեանքին մէջ :

 Հինգերորդ կիրակին կոչուած է « Դատաւոր ». կը նշանակէ յարատեւ աղօթքի անփոխարինելի նշանակութիւնը փրկութեան համար :

Վեցերորդ կիրակին կոչուած է « Գալուստը ». կը նշանակէ ամփոփումը Քրիստոսի առաջին գալուստի խորհուրդին, այնպէս ալ երկրորդ գալուստին խոստումը :

 Իսկ վերջին կիրակին, Մեծ Պահքի անմիջապէս յաջորդող շաբաթը  կը կոչուի Աւագ Շաբաթ որ կը խորհրդանշէ Քրիստոսի կեանքին վերջին կարեւոր իրադարձութիւնները՝ յաղթանակ մուտքը Երուսաղէմ (Ծաղկազարդ), վերջին ընթրիքը, մատնութիւնը, չարչարանքները, խաչելութիւնը, մահը, թաղումը, եւ ի վերջոյ՝ հրաշափառ Յարութիւնը ՝ Ս. Զատիկ:

Պահքը կը կրթէ եւ կը բժշկէ մեր հոգիները երբ մենք կը զրկենք մեր մարմինը որոշ ուտելիքներէ եւ մոլութիւններէ , կը հնազանդինք մեր ներքին հոգիին, որպէսզի միշտ յիշենք  թէ մարդը մարմնական էակ չէ միայն, այլ հոգեկան եւ հետեւաբար կոջուած է  հոգեւոր կեանքը աւելի լաւ հոգատարելու:

Գէորգ Եպիսկ. Ասատուրեան

 








All the contents on this site are copyrighted ©.