2017-02-28 09:57:00

ՄԱԿ. ԼՂ հակամարտութեան կարգաւորման բանակցութիւնները անյապաղ վերսկսելու յորդոր


ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Անթոնիոյ Կուտերեշ անհանգստացած Է ղարաբաղեան հակամարտութեան գօտիի իրադրութեան սրումէն, ինչպէս նաեւ յորդորած է պահպանել հրադադարը եւ անյապաղ վերսկսիլ առարկայական բանակցութիւնները:

Այդ մասին, ըստ Armenpress.am-ի, Փետրուար 27-ին լրագրողներուն յայտարարած Է գլխաւոր քարտուղարի պաշտօնական ներկայացուցիչ Սթեֆան Տիւժարիգը:

«Մենք անհանգստացած ենք Լեռնային Ղարաբաղի մէջ սահմանագիծին երկայնքով նոր բախումներու վերաբերեալ հաղորդագրութիւններէն»,- ըսած է ան, նշելով, որ ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարը կը պաշտպանէ ԵԱՀԿ-ի Մինսկի խումբի համանախագահներուն ջանքերը, որոնք ուղղուած են «լարուածութեան վտանգաւոր մակարդակի նուազեցման եւ իրադրութեան յետագայ ընթացքի կանխման»:

Տիւժարիգի խօսքով` համաշխարհային կազմակերպութեան վարչական ղեկավարը «կը յորդորէ կողմերուն ձեռնպահ մնալ ցանկացած այնպիսի գործողութիւններէ, որոնք կրնան վնասել հրադադարին վերաբերեալ համաձայնագիրին, եւ անյապաղ վերսկսիլ ԼՂ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման միտուած առարկայական բանակցութիւնները»:








All the contents on this site are copyrighted ©.