2017-02-25 09:56:00

Ֆրանչիսկոս Պապ. ''Ջուրի պատճառաւ աշխարհամարտի սպառնալիք կայ''։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Եղբօր ճիչը ունկնդրելը կը նշանակէ ունկնդրել հողին ձայնը որ յարգանք ու բաժնեկցուած պատասխանատուութիւն կը պահանջէ` հանդէպ բոլորին պատկան բարիքի մը'' այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին նոր նախազգուշացումի կոչը արտասանուած Քահանայապետական գիտութեանց կաճառի կազմակերպութեամբ Վատիկանի Պիոս Դ պալատին մէջ կայացած ''Ջուրի մատչելիութեան մարդկային իրաւունքը'' նիւթով գիտաժողովի մասնակցող մասնագէտներուն, որոնցմէ Սրբազան Հայրը խնդրեց շտապ եւ շօշափելի ներգործութիւն ու զօրեղ յանձնառում` ի պաշտպանութիւն ջուրին, որ այլապէս կարող է պատճառ դառնալ համաշխարհային նոր պատերազմի։

''Այնտեղ ուր ջուր կայ, այնտեղ կայ կեանք, եւ միայն այնտեղ է որ հասարակութիւնը կարող է աճիլ ու յառաջդիմել, ասոր համար այս բիւրեղ ու խոնարհ սակայն թանկարժէք բարիքին պաշտպանութիւնը ու ամէն մէկ անհատի խմուելիք ջուրի մատչելիութեան իրաւունքի պաշտպանութիւնը, հրատապ ու կարեւոր է ներկայ աշխարհի համար'' ըսաւ Նորին Սրբութիւնը իր զեկոյցին մէջ դատապարտելով այն երկիրներն ու կառավարութիւնները որոնք ջուրը մարդկային իրաւունք չեն նկատեր''։

''Հարկաւոր է ջուրին տալ կեդրոնականութիւնը որուն արժանի է հասարակական քաղաքականութեան ծիրէն ներս. սակայն հարկաւոր է նաեւ յիշել թէ ջուրի նկատմամբ մենք ունինք իրաւունք ու միեւնոյն ատեն պատասխանատուութիւն'' դիտել տուաւ Սրբազան Հայրը անհրաժեշտ նկատելով այս ուղղութեամբ նոր սերունդի դաստիարակութիւնը ու անոնց խիղճերու կազմաւորումը, որպէսզի գիտակցին եղելութեան ու հասկնան ջուրին հիմնական արժէքը` մարդկութեան բարիքին համար։

Սրբազան Հայրը ակնարկեց ապա ՄԱԿ-ի խմուելիք ջուրի մատչելիութեան մասին հրատարակած տեղեկատուութիւններուն ուր ի յայտ կու գայ թէ հազարաւոր մանուկներ կը մեռնին ջուրի կապուած հիւանդութիւններու պատճառաւ մինչ միլիոնաւոր այլ մարդիկ ապականած ջուր կը խմեն եւ այլ հազարաւորներ կը մեռնին ջուրի պակասի` ծարաւի պատճառաւ։

''Տակաւին ուշ չէ'', ըսաւ Քահանայապետը, սակայն հարկաւոր է յարգել այս հիմնական իրաւունքը ու այս ընելով հիմքը կը դնենք պաշտպանելու այլ իրաւունքներ։ Ասոր համար ալ հարկաւոր է հանդիպումի ու խնամքի մշակոյթ մը''  հաստատեց Սրբազան Հայրը ու  յորդորեց միացնել բոլորին ձայները, գիտնականներ, կառավարիչներ­, քաղաքագէտներ ու գործարարներ, ի սպաս նոյն հիմնահարցին` որ բոլորին պատկանող բարիք մըն է։

''Աստուած մեզ միայնակ չի թողուր մեր այս գործին մէջ, սակայն աշխատանքը մերը ըլլալու է, այնպէս ինչպէս մերն է պատասխանատուութիւնը'' ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը զեկոյցի աւարտին ներկաները հրաւիրելով գործել որպէսզի հասարակաց տունը միշտ աւելիով բնակելի ու զօրակից դառնայ, տուն մը ուր եւ ոչ մէկը բացառուած ու մեկուսացուած մնայ, այլ ամէնքը վայելելն այն բարիքները որոնք թոյլ կու տան ապրիլ եւ աճիլ արժանապատուութեամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.