2017-02-24 10:10:00

Վանականութիւն (ԻԷ)


Վանքերը, ինչպէս արդէն նախապէս անդրադարձած էինք, վայրեր էին, ուր քրիստոնեաներ կը քաշուէին ապրելու համար Աստուծոյ նուիրեալ կեանք մը։ Սակայն այդ սուրբ պատերուն շուրջ, ոչ բոլոր վանքերու պարագային կար եռուզեռ ու ժրաջան գործունէութիւն։ Վանականներ նախ կ’աշխատէին իրենց ճակտի քրտինքով ճարել իրենց առօրեայ հացը եւ հոգալ միաբաններու նիւթական կարիքները, ապա նաեւ հիւրընկալելով ուխտաւորներ՝ անոնց ալ պէտքերուն կ’ընդառաջէին։ Սակայն վայելելով ազնուականներու հովանաւորութիւնը եւ մասամբ նաեւ մասնակցելով այդ ժամանակի աւատական դրութեան, վանքերը կը տիրանային հսկայական կալուածներու, ագարակներու եւ գիւղերու։ Ոմանք այս կը մեկնեն լոկ իբր չարաշահում, սակայն պէտք է նկատի ունենանք, որ վանքերը ըլլալով նաեւ գիտութեան կենդրոններ մեծ նպաստ բերած են ժողովուրդի կեանքի բարելաւումին, իրենց կազմակերպչական կարողութիւններով եւ ձեռք բերած գիտական յառաջդիմութեամբ։

Մխրճուելով նիւթական ծաւալուն գործունէութեան մէջ, վանքերը անխուսափելիօրէն ունեցած են նաեւ խնդրիրներ, բախումներ եւ հակամարտութիւններ։ Իրենց հարստութեան պատճառով, անոնք շատ անգամ նաեւ թիրախ դարձած են ասպատակողներու։

Հոս դարձեալ կը կատարենք մէջբերումներ Հ. Համազասպ Ոսկեանի Գուգարքի վանքերու նուիրուած հատորէն։

Սանահին եւ Հաղբատ եղած են բաւական երկար ժամանակ բարեկարգ վանքեր եւ անոնց միաբանները հետեւած են Ս. Բարսեղի կանոններուն։ Սիրած են աղօթքն ու ժամասացաութիւնը եւ այս վերջինիս նկատմամաբ պահած են նախնիներէն եկած հասած ձեւերն ու պահերը, մաղթանքներն ու շարականները եւ օրինակ հանդիսացած նամանութեան ու կազմակերպութեան ուրիշ եկեղեցիներու վանքերու։ Սիրած են նմանապէս գիրն ու թուղթը եւ տուած են ազգին մատենագիրներ ու արտագրողներ, ջանացած են հիներու աւանդները պահել անեղծ ու անվթար, ժողովուրդին քարոզած են Աստուծոյ խօսքը եւ տուած են բարի օրինակ։ Եղած են անոր առաջնորդներն ու հովիւները։ Նաեւ քրտինք թափած են այգիներու եւ դաշտերու վրայ՝ ապրուստի համար. խնամք տարած են շէնքերու եւ կալուածներու վրայ – այս մասին երկու վանքերը իրարու հետ խնդիրներ եւս ունեցած են, բայց մանաւանդ յափշտակել եւ իւրացնել ցանկացող աշխարհիկներու հետ։ Դժբախտաբար ժամանակի ընթացքին երկու վանքերն ալ ունեցած են վայրէջք, առաջին եռանդը պաղած է – թէեւ երբեմն զայն արծարծել ուզողներ պակաս չեն եղած – եւ նսեմացած են ու անշքացած – գործունէութեամբ ու շէնքերով։ Երկու վանքերն ալ եղած են եպիսկոպոսանիստ, սակայն Հաղբատ աւելի երկարատեւ ժամանակով եւ աւելի մեծ ճոխութեամբ եւ լայն իրաւասութիւններով – այս մասին երկուքին մէջ խնդիր եւս ծագած է։ Անոր արքեպիսկոպոս առաջնորդին ձայնը հարկաւոր էր կաթողիկոսական ընտրութեան համար եւ Կիլիկիայի հայրապետութիւնը յուզուեցաւ, երբ Հաղբատ Աղթամարի Դաւիթ հակառակաթոռ կաթողիկոսին կողմը բռնեց։

Սանահինի դպրոցը կարելի է ըսել թէ սկսած է հիմնարկութեան հետ, զի իր հիմնադիրներէն եւ առաջին առաջանորդներէն է Յովհաննէս Գիտնական, որ այդ յորջորջանքը հարկաւ թէ ձրի չէ ժառանգած։ Իսկ երկրորդ հիմնդիրն ու զարգացնողն է Դիոսկորոս որ ինչպէս գիտենք առաջնորդ եւս եղած է։ Նաեւ կարճ ժամանակով բազմած է կաթողիկոսական գահի վրայ։ Այլ մեծ դէմքեր եղած են Անանիա Սանահնեցի, Վարդան Սանահնեցի, Գրիգոր Տուտէորդի եւն։








All the contents on this site are copyrighted ©.