2017-02-24 09:09:00

Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքի փոխանորդի պաշտօնը պէտք է վերցուի․ Յայտարարութիւն


Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի ընտրութիւններուն շուրջ տեղի ունեցած զարգացումներէն ետք յայտարարութիւն տարածած է նաեւ պատրիարքի ընտրութիւններու նախաձեռնող խումբը (Müteşebbis Heyeti):

Խումբը, յայտարարութեան մէջ յիշեցնելով 2016-ի Հոկտեմբեր 26-ին Պատրիարքութեան հոգեւոր խորհուրդի` Մեսրոպ Մութաֆեան պատրիարքին «հանգստեան կոչելու» որոշումը, շեշտած է, որ Թուրքիոյ հայ համայնքի բոլոր հաստատութիւնները, ներառեալ պատրիարքարանը, եւ բոլոր շերտերը համակարծիք են 85-րդ պատրիարքի ընտրութիւններու իրականացման անհրաժեշտութեան շուրջ:

Խումբը ներկայացուցած է այն քայլերը, որոնք անյապաղ պէտք է գործադրուին ընտրութիւններու կազմակերպման համար:

«Ակօս» շաբաթաթերթը ներկայացուցած է յայտարարութեան մէջ ներառուած կէտերը:

Պատրիարքի փոխանորդի պաշտօնը, որ խոչընդոտած է ընտրական գործընթացը, պէտք է թափուր յայտարարուի: Պատրիարքի փոխանորդը (Արամ արք. Աթէշեան) պէտք է անյապաղ հրաժարական տայ եւ այդպիսով, մեր աւանդոյթներուն հակասող փոխանորդի պաշտօնը գործնականօրէն պէտք է վերցուի: Այս պայմանը առաջին քայլն է, որ ճանապարհ պիտի բանայ դէպի ընտրական գործընթաց:

2. Ըստ մեր աւանդոյթներուն` ընտրական գործընթացը սկսելու համար պէտք է պատրիարքի տեղապահ ընտրել:

3. Պէտք է ապահովել կամ նոր նախաձեռնող խումբի ընտրութիւնը, կամ ալ գործող նախաձեռնող խումբի յետագայ գործունէութիւնը, որ ստանձնած է պատրիարքի ընտրութիւնը կառավարելու պատասխանատուութիւնը:

Պատրիարքի ընտրութեան օրը որոշելէ ետք Տեղապահի եւ նախաձեռնող խումբի ստորագրութեամբ նահանգապետարանի միջնորդութեամբ Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութեան պէտք է ներկայացնել դիմում, ուր գրուած պիտի ըլլայ ընտրութեան ամսաթիւը:

Նախաձեռնող խումբի անդամները վստահեցուցած են, որ համայնքէն ստացած լիազօրութեամբ պիտի հետեւին գործընթացին եւ վճռական են տրամադրուած կիսատ գործը առողջ մթնոլորտի մէջ աւարտին հասնցելու հարցով, ինչպէս նաեւ պատրաստ են ընտրական գործընթացի շարունակութեան համար նոյնիսկ հրաժարիլ զբաղեցուցած պաշտօնէն:








All the contents on this site are copyrighted ©.