2017-02-24 08:23:00

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը մասնակցեցաւ Պաղեստինի նուիրուած համագումարին


Կազմակերպութեամբ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան Խորհրդարանի եւ հովանաւորութեամբ Իսլամական Յեղափոխութեան հոգեւոր առաջնորդ Այաթոլլահ Ալի Խամենէի, 21-22 Փետրուար 2017-ին Թեհրանի մէջ տեղի ունեցաւ Պաղեստինի նուիրուած միջազգային 6-րդ համագումար, ի զօրակցութիւն Պաղեստինեան արդար դատի եւ Պաղեստինցի ազնիւ, մարտնչող ու իրաւազրկուած ժողովուրդին:

Համագումարին հրաւիրուած էին բարեկամ երկրներու խորհրդարանի նախագահներ, նախարարներ ու երեսփոխաններ, Պաղեստինեան գլխաւոր կազմակերպութիւններու բարձրաստիճան պատասխանատուներ, հոգեւոր առաջնորդներ եւ տեղական շրջանային ու միջազգային լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ:

Համագումարի բացման հանդիսութեան ներկայ էին նաեւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նախագահը, Դատական ուժի պետն ու հաւատարմագրուած դեսպաններն ու միջազգային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները:

Համագումարի ընթացքին Թեհրանի Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան հանդիպում մը ունեցաւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան հոգեւոր առաջնորդին հետ, որու ընթացքին փոխանցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին ջերմ ողջոյններն ու բարեմաղթութիւնները: Հոգեւոր առաջնորդը, իր կարգին փոխադարձ ողջոյններ փոխանցեց Նորին Սրբութեան: Հանդիպման աւարտին Սրբազան Հայրը նաեւ ողջ իրանահայութեան յարգալից բարեմաղթութիւնները փոխանցեց հոգեւոր առաջնորդին, մաղթելով իրեն երկար եւ իմաստուն ղեկավարութիւն:

Բացման պաշտօնական հանդիսութեան աւարտին Առաջնորդ Սրբազան հայրը հանդիպեցաւ Լիբանանի եւ Սուրիոյ խորհրդարաններու նախագահներուն, հոգեւոր առաջնորդի գրասենեակի ղեկավար Գուլբարկանիի եւ այլ պատասխանատուներու եւ արտասահմանէն ժամանած պաշտօնական անձնաւորութիւններու հետ:








All the contents on this site are copyrighted ©.