2017-02-23 12:10:00

Ֆրանչիսկոս Պապ հանդիպեցաւ Աբրահամ Սքորքա րաբունապետին ու անոր ընկերացող պատուիրակութեան


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի, 23 փետրուարին՝ առաւօտեան ժամը 11,30-ին, Վատիկանի Քլեմենթինա դահլիճէն ներս Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ ընդունեց  Րաբունապետ՝ Աբրահամ Սքորքան, որ եկած է ներկայացնելու ''Թորայի'' յատուկ հրատարակութիւն  մը, ընկերակցութեամբ  հրատարակչատան խմբագրական կազմի 89 անդամներուն։

Այս առթիւ արտասանած ճառին մէջ Սրբազան Հայրը իր խնդակցութիւնը յայտնեց ներկաներուն, որ առիթը ընծայեցին համախմբուելու Թորայ -ի շուրջ որ կը նշանակէ հաւաքուիլ Տիրոջ պարգեւին ՝ Անոր յայտնութեան ու խօսքին շուրջ ։ 

Թորա-ն որպէս նիւթ առնելով Սրբազան Հայրը նախ յիշեց Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ քահանայապետի խօսքը ՝՝՝Թորան՝ կենդանի  Աստուծոյ կենդանի ուսուցումն է՝՝ ապա յարեց,  թէ Թորան Աստուծոյ հայրական սիրոյ արտայայտութիւնն է, սէր մը արտայայտուած խօսքերով  եւ  ժեսթերով, սէր մը որ  դաշինք դարձաւ։ Սրբազան Հարրը ապա խօսքը կեդրոնացուց դաշինք  բառին վրայ  հաստատելով, թէ  ՝՝դաշինք բառը  հարուստ  է մեզ միաւորող արձագանգներով ։ Աստուած՝ ամենէն մեծ եւ հաւատարիմ  դաշինքն է ։ Ան Աբրահամ հայրապետը կանչեց իրմով  ժողովուրդ  մը կազմելու համար, որ օրհնութիւնը դառնար  երկրի բոլոր ժողովուրդներուն՝՝ ըսաւ Սրբազան հայր աւեցնելով որ '' ի հեճուկս մարդկային բաժանում պատճառող անթիւ խօսքերուն, վերոյիշեալ Աստուածային դաշինքի խօսքերը  կը բանան բարի ճամբաներ՝ միասին  ընթանալու համար։

''Թորայի սոյն հրատարակութիւնը եւս արդիւնքն է  տարբեր ազգերու, զանազան անձերու,  տարբեր տարիքի,  կրօնային դաւանանքի  միջեւ դաշինքի մը'' ըսաւ ապա Քահանայապետը ու ճառին  աւարտին  ակնարկեց Հրեայ – Քրիստոնեայ եղբայրական ու պաշտօնական երկխօսութեան ընդգծելով,  թէ այսօրուան այս պարգեւը  մաս է այդ երկխօսութեան, որ կը բացայայտուի ոչ միայն խօսքով այլեւ ներգործութիւններով։

Սուրբ Գիրքի իւրաքանչիւր հրատարակութիւն կը պարունակէ հոգեւոր նոր արժանիք մը,  որ  անսահմանօրէն կը գերազանցէ  նիւթականը  ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապ ու խօսքը եզրափակեց Աստուծմէ հայցելով­,  որ օրհնէ բոլոր այն անձերը որոնք աշխատեցան սոյն հրատարակութեան համար, մասնաւորապէս ներկաները։

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.