2017-02-23 11:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց “Villareal” մարզական խումբի անդամները։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի` 23 Փետրուար 2017-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց “Villareal” մարզական  խումբի մարզիկները, մարզիչներն ու  ղեկավարները  որոնք  երեկոյեան Հռոմի մէջ պիտի մրցակցին Հռոմի ոտնագունդի հաւաքականի դէմ։

''Ոտնագունդը այլ մարզանքներու նման, կեանքի ու ընկերութեան պատկերն է'' - ըսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը այս առթիւ անոնց արտասանած ճառին մէջ աւելցնելով թէ ''Դաշտի ոլորտին` միւսը անհրաժեշտ է. Իւրաքանչիւր խաղացող իր հմտութիւնն ու մասնագիտութիւնը կը դնէ միասնական իտէալի ի սպաս` որ է լաւ խաղալ յաղթելու համար։ Եւ այս նպատակին հասնելու համար անհրաժեշտ է ժամանակի ներդրում ու ջանք­, ամրապնդելու համար խմբային հոգին ու անոր անդամներու միջեւ զարգացնելու հասկացողութիւնն ու ներդաշնակութիւնը ինչպէս նաեւ շարժումներու համադրութիւնը։ Այս կարելի է եթէ մենք գործենք մէկդի դնելով մեր անձնական նկատումները ու խաղանք մտածելով միայն խումբի բարիքին''։ 

''Միւս կողմէն մարզանքը կը դաստիարակէ ու արժէքներ կը փոխանցէ'' ըսաւ ապա Սրբազան Հայրը մատնանշելով թէ բազմաթիւ երիտասարդներ օրինակ կ՛առնեն մարզիկներէն ու թէ ասոր համար մարզիկները  մեծ պատասխանատուութիւն մը ունին։

Սրբազան Պապը ապա ընգծեց Խմբային Հոգիի կարեւորութիւնը ու նա մանաւանդ երախտագիտութեան հոգի ունենալու հարկաւորութիւնը Ան ապա քաջալերեց ներկաները շարունակելու ''խաղալ իրենց լաւագոյնը տալով ուրիշներուն'', ապա աղօթք բարձրացուց առ Աստուած հայցելով Սուրբ Կոյս Մարիամի եւ Սուրբ Փասքուալ Պայլոնի` Վիլլարէալ քաղաքի պաշտպան սուրբերու բարեխօսութիւնը, որպէսզի թիկունք կանգնին  եւ օգնեն դառնալու ''գործիքներ` երջանկութեան, ուրախութեան ու Աստուծոյ խաղաղութեան''։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.