2017-02-23 10:17:00

Եգիպտոսի մէջ երկու այլ քրիստոնեաներ սպաննուած են


(Ռատիօ Վատիկան)  Եգիպտոսի Սինա թերակղզիին՝ հիւսիս արեւելք շրջանին մէջ  երկու քրիստոնեաներ՝ հայր ու զաւակ  սպաննուած են մահմետական ահաբեկչական ՏԱՀԵՇ-ի խմբաւորումի կողմէն, որոնք վերջերս տեսերիզով մը սպառնալիքի ուղերձ յղած են Եգիպտոսի Ղպտի Քրիստոնաեայ հասարակութեան։ Ուղերձին մէջ ահաբեկիչները նշած են , թէ Եգիպտոսի Ղպտի քրիստոնեաները՝ մեր նախընտրած  որսերն են  աւեցնելով թէ սոյն  արաքները սկիզբն են ղպտիներու դէմ ահաբեկչական գործողութիւններուն։  

Նշենք թէ Եգիպտոսի մէջ  տարուան սկիզբէն մինչեւ  այսօր սպաննուած են 5 քրիստոնեաներ։ Անցեալ դեկտեմբեր ամսոյն , Գահիրէի մէջ   սպաննուած  են 27 քրիստոնեաներ՝ եկեղեցւոյ վրայ կատարուած ահաբեկչական գործողութեան ընթացքին։  Ղպտիները եգիպտոսի  մէջ կը հաշուեն  երկրի բնակչութեան 10 առ հարիւրը։








All the contents on this site are copyrighted ©.