2017-02-21 13:03:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց գաղթականութեան եւ խաղաղութեան Զ Ֆորումի մասնակիցները


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի, 21 փետրուարին՝ առաւօտեան ժամը 10.30-ին, Վատիկանի Քլեմենթինա դահլիճին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց գաղթականութեան եւ խաղաղութեան մասին Հռոմի մէջ գումարուած՝ Զ միջազգային Ֆորումի աւելի քան 250 մասնակիցները։  Այս առթիւ արտասանած Ճառին մէջ Սրբազան Հայրը անդրադառնալով Ֆորումի բնաբանին՝ ''Ներառում եւ զարգացում. Հակադարձութենէն ներգործութիւն'' ըսաւ ''Կարելի չէ  ներկայի գաղթականներու մարտահրաւէրները եւ խաղաղութեան կերտումը կարդալ առանց ''Զարգացում եւ ներառում''   համադրութեան։  Այս նպատակով է որ ուզեցի հիմնել մարդկային համապարփակ Զարգացման ծառայութեան բաժանմունքը, որ յատուկէն կը զբաղի գաղթականներու, պանդուխտներու եւ մարդավաճառութեան զոհերու հարցերով։

Նորին Սրբութիւնը ապա նշեց,  թէ  երրորդ հազարամեակի սկիզբը,  յատկանշուած է գաղթականներու շարժումներու երեւոյթով, ու թէ գաղթականութեան մեծագոյն պատճառներէն են   բռնի տեղահանութիւնը, հակամարտութիւնները, բնական աղէտները, հալածանքները, կլիմայական փոփոխութիւնը, բռնութիւնները, աղքատութիւնը։ Ֆրանչիսկոս Պապ  ապա իր խոր մտահոգութիւնը յայտնեց  ժամանակակից աշխարհին մէջ  բռնի  տեղահանութեան  ենթարկուող  անձերու  թիւի աճումին համար    ու հրաւիրեց  քաղաքական հասարակութիւնները, քաղաքացիական ընկերութիւնները  ինչպէս նաեւ եկեղեցին՝   շտապ  պատասխան տալու  գաղթականներու մարտահրաւէրներուն։  

Սրբազան Հայրը սոյն մարտահրաւէրներուն որպէս հաւաքական պատասխան առաջարկեց  չորս բայեր՝ հիւրընկալել, պաշտպանել, զարգացնել եւ ներառել։ 

Հիւրընկալել։  Ֆրանչիսկոս Պապ  ակնարկեց  մարդու մերժումի բնաւորութեան,  որ անձը  կը մղէ մերձաւորին չնայելու՝ որպէս  հիւրնըկալելիք եղբայր,  այլ զայն   կը յամարէ  իր  անձնական կեանքի հորիզոնէն դուրս եւ   ու կամ որպէս մրցակից ։

Մերժումի բնաւորութեան երեւոյթին դիմաց Ֆրանչիսկոս Պապ հրամայական նկատեց կեցուածքի շտապ փոփոխութիւնը՝ շրջանցելու համար  անտարբերութեան հոգին,  վեհանձն գտնուիլ եւ  ընկալելու համար  բոլոր անոնք որոնք մեր դռները կը բախեն։՝ 

Պաշտպանել։ Ֆրանչիսկոս Պապ   ակնարկելով Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր քահանայապետի  գաղթականութեան երեւոյթին մասին խօսքին,   թէ գաղթականութեան փորձառութիւնը յաճախ անհատները աւելի  թիրախ կը դարձնէ՝ բռնութեան եւ  շահագործումին , մատնանշեց  աշխարհի մէջ   այն միլիոնաւոր գաղթական  աշխատաւորներուն,  որոնց մեծամասնութիւնը զոհ են մարդավաճառութեան ու այս ծիրէն ներս    անհրաժեշտ նկատեց  գաղթական եղբայրներու եւ քոյրերու իրաւունքներու  պաշտպանութիւնը,  գործադրելով   միջազգային­ ու ազգային  իրաւական միջոցները  եւ որդեգրելով  քաղաքական արդար որոշումներ։

Զարգացնել։ Զարգացումը ըսաւ Սրբազան Հայրը եկեղեցւոյ վարդապետութեան  համար իւրաքանչիւր մարդ արարածի անհերքելի   իրաւունքն է։ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան շրջագիծէն ներս  Ան կարեւոր նկատեց աշխարհի բոլոր ուժերու ներդրումը՝ քաղաքական հասարակութիւններէն  սկսեալ մինչեւ միջազգային կազմակերպութիւններն ու կրօնային հաստատութիւններ, ընդգծելով որ գաղթականներու եւ անոնց ընտանիքներու մարդկային զարգացումը սկիզբ կ՝առնէ  գաղթականներու ծննդավայրէն եւ  հոն   է որ պէտք է երաշխաւորուին՝՝ գաղթելու եւ   չգաղթելու՝՝ իրաւունքները

Վերջապէս  խօսելով չորրորդ բային՝  ներառումի  մասին Սրբազան Հայրը  նշեց թէ ներառումը  կը հիմնուի մշակութային ժառանգութեան  փոխադարձ ճանաչումի վրայ։ Ներառում չի նշանակեր անտեսել ուրիշին  մշակոյթը  եւ ոչ ալ մեկուսացում։ Ներառումի գործընթացին ծիրէն ներս ան անհրաժեշտ նկատեց գաղթականներուն ընտանեկան ծաւալը եւ  անոնց կրօնային, մշակութային աւանդութիւնները։

Ֆրանչիսկոս Պապ  եզրափակեց իր ճառը հրաւիրելով ներկաները խոնարհելու վերոյիշեալ  չորս բայերը՝ ըլլայ եզակի ըլլայ յոգնակի դէմքերով,  եւ  որպէս պարտք նկատեց  գաղթական եղբայրներու եւ քոյրերու նկատմամբ ՝ արդարադատութեան եւ քաղաքացիութեան զօրակցութիւնը։ Ան  ներկաներուն ուշադրութեան յանձնեց  մանուկ եւ անչափահաս գաղթականները, որոնք բռնութեան պատճառով  ստիպուած   են հեռու   ապրիլ իրենց  ծննդավայրերէն եւ  ընտանիքներէն,    ընդգծլով թէ  գաղթականներու եւ թափառաշրջիկներու համաշխարհային իր վերջին պատգամը Ինք ձօնած է գաղթական անչափահասներուն եւ մանուկներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.