2017-02-21 08:50:00

Աշխարհը կը նշէ մայրենի լեզուի օրը


Քանի որ 20-­րդ դարու կէսերուն մայրենի լեզուի իրաւունքներու դէմ տարբեր երկիրներու մէջ շարք մը ոտնձգութիւններ եղան, 1999-ին ԵՈՒՆԵՍՔՕ-­ն Փետրուար 21-­ը հռչակեց Մայրենի լեզուի միջազգային օր` ի նպաստ լեզուներու իրաւունքներու ճանաչման եւ գործածութեան աջակցման:

Այսօր աշխարհի մէջ լեզուներու ապագան անորոշ վիճակի մէջ է, քանի որ միջազգային քանի մը լեզուներ աստիճանաբար կը ստիպեն մարդոց հրաժարելու սեփական մայրենի լեզուէն:

 Ըստ ԵՈԻՆԵՍՔՕ-­ի գնահատականի` աշխարհի վեց հազար լեզու կորուստի մատնուելու եզրին է:

 Ըստ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութեան, ՀՀ պետական լեզուն հայերէնն է:

Մայրենի լեզուի օրուան առիթով Երեւանի եւ ՀՀ տարբեր մարզերու մէկ ձեռնակրներ կը կազմակերպուին: Այս առիթով բազմաթիւ գրողներ, լեզուաբաններ եւ այլ մտաւորականներ պիտի այցելեն Օշական եւ ծաղիկներ խոնարհեն Մեսրոպ Մաշտոցի շիրիմին:








All the contents on this site are copyrighted ©.