2017-02-21 09:01:00

Ազգային վարժարաններու աշակերտական վարդանանց տօնակատարութիւն


Կազմակերպութեամբ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին եւ մասնակցութեամբ Ազգային վարժարաններու աշակերտութեան երէկ` երկուշաբթի, 20 փետրուար 2017-ի կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Վարդանանց ճակատամարտին նուիրուած ձեռնարկ:

Բացման խօսքը արտասանեց օրուան հանդիսավար, Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի աշակերտ Արազ Էլէյճեան: Ան նկատել տուաւ, որ սոյն հանդիսութիւնը ազգային եւ եկեղեցական տօնակատարութեան կողքին վերանորոգուելու առիթ մըն է: Ան ըսաւ, որ նախակրթարանի գրասեղաններուն վրայ հակիրճօրէն սորված են Վարդանի մասին եւ հպարտացած անոր կերպարով, սակայն երբ պատանեկութեան տարիքը թեւակոխած են, հայրենիք, ազգ, կրօն հասկացողութիւնները հետզհետէ իրենց առօրեայ կեանքին հետ շաղախուած են, եւ իրենց համար Վարդանանց պատերազմը այլեւս պարզ զինուորական գործողութիւն մը չէր, այլ` հայրենիքի գոյատեւման եւ քրիստոնէական հաւատքի յաւերժացման համար մղուած մարդկային պատմութեան մէջ եզակի ճակատամարտ մը: «Կը հաւատանք, որ պատմութեան ընթացքին Աւարայրի ճակատամարտը յաճախ կրկնուեցաւ, Վարդանանց ժառանգորդները Վարդանանքով ներշնչուեցան եւ Սարդարապատը կերտեցին ու Արցախը ազատագրեցին», եզրափակեց Ա. Էլէյճեան:

Այնուհետեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որ ընթացաւ հետեւեալ ձեւով. երգ`  «Աւարայրի դաշտ» եւ «Իմ հայրենեաց հոգի Վարդան» (Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի երգչախումբ), խմբային արտասանութիւն` «Խորհուրդ Վարդանանց» (Ազգային Աքսոր Գասարճեան վարժարան), կենդանի պատկեր` «Վարդանանք եւ վկայ Եղիշէն» (Ազգային Ս. Խանամիրեան քոլեճ), ասմունք` «Հայու ճակատագիր» (Ազգային Ռուբինեան վարժարան` Մեղրի Կիւլիմեան եւ Սիրուն Սեմերճեան), երգ` «Հայ ապրինք» եւ «Արդար զայրոյթ» (Ազգային Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարանի երգչախումբ), խմբային արտասանութիւն` «Ձօն Վարդանանց» (Ազգային Աբգարեան վարժարան), «Վասակի մենախօսութիւնը» եւ «Վարդանի մենախօսութիւնը» (Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճ` Դրօ Միրզայեան):

Օրուան խորհուրդը փոխանցեց Սարգիս քհնյ. Սարգիսեան: Ան նկատել տուաւ, որ Վարդանանց տօնը մեզի համար սովորական տօն մը չէ, այլ առիթ է մեր ուխտը վերանորոգելու. այն ուխտը, որ Վարդանները մեզի ձգեցին իբրեւ ժառանգ պատմութեան ընթացքին: Ան իր խօսքը ուղղելով աշակերտներուն ըսաւ, որ մեծ թիւով ազգեր եկան, սակայն չկրցան գոյատեւել, որովհետեւ իրենց լեզուն մէկ կողմ ձգեցին, որովհետեւ չունէին ամբողջական հաւատք: Ան շեշտեց, որ հայ ազգը տակաւին կը գոյատեւէ, որովհետեւ ունի այն հաւատքը եւ ուխտը, որ ամէն տարի կը վերանորոգէ: Քահանայ հայրը յայտնեց, որ ամէն օր մեզի համար Վարդանանց տօն է եւ պատերազմը կը շարունակուի: Մեր սուրերը այսօր մեր հաւատքն ու հայ լեզուն են, որոնք մեզ հայ կը պահեն եւ պիտի շարունակեն պահել: Քահանայ հայրը նկատել տուաւ նաեւ, որ մենք կ՛ապրինք օտար ափերու վրայ, բայց մեր դպրոցներուն մէջ կը խօսինք հայերէն, մեր եկեղեցիներուն մէջ կ՛աղօթենք հայերէնով, կը պահենք մեր մշակոյթը, մեր հայ երգը:  «Վարդաններու ոգին այսօր եւս ներկայ է Արցախի մէջ, ուր հայ զինուորները միեւնոյն նուիրումով ու զոհաբերութեամբ անհաւասար կռիւներու մէջ կը շարունակեն հայրենիքի ու հաւատքի պայքարը», հաստատեց Սարգիս քհնյ. Սարգիսեան` աւելցնելով, որ իբրեւ հայ վարժարանի աշակերտներ պէտք է իրենց աղօթքով հայ զինուորին կողքին ըլլան, որպէսզի ան շարունակէ հայրենիքի մէջ իր պայքարը: Ան յայտնեց, որ մեր դպրոցին եւ եկեղեցւոյ ընդմէջէն մենք կը դիտենք մեր հայրենիքը եւ հոգեպէս ներկայ կ՛ըլլանք հայրենիքին մէջ: Եզրափակելով իր խօսքը` Սարգիս քհնյ. Սարգիսեան կոչ ուղղեց աշակերտներուն շարունակելու պայքարը, պահելու հաւատքը, հայրենասիրութիւնը, այն սուրբ ժառանգը եւ ջահը, որ տուին Վարդանանք, որպէսզի իրենք ալ իրենց կարգին կարենան այդ արժէքները փոխանցել յաջորդող սերունդներուն:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.