2017-02-20 08:54:00

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Ճենովա կատարելիք հովուական այցելութեան յայտագիրը։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Թող որ Ֆրանչիսկոս Պապին այցելութիւնը մեզ վերահաստատէ Քրիստոսի մեր հաւատքին մէջ ու միսիոներական սլացքի մէջ'', այսպէս գրած է Ճենովայի Արքեպիսկոպոսը` Կարդինալ Անճելօ Պանիասքօ, յառաջիկայ 27 Մայիսին Սրբազան Քահանայապետին Ճենովա կատարելիք հովուական այցելութեան յայտագիրը պարունակող հրատարակած պատգամին մէջ։

Նորին Սրբութիւնը Ճենովա կը հասնի առաւօտեան 8.15-ին ու զինք կը դիմաւորեն Ճենովայի Արքեպիսկոպոսն ու քաղաքացիական իշխանութիւններէ կազմուած պատուիրակութիւն մը։ Սրբազան Հայրը ապա անմիջակէս կ՛ուղղուի ''Իլվա'' ընկերութեան գործարան ուր հանդիպում կ՛ունենայ գործարարական ու բանուորական աշխարհի ներկայացուցիչներուն հետ։

Ժամը 10-ին Ճենովայի աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ Նորին Սրբութիւնը կը հանդիպի տեղական եպիսկոպոսներուն ու Լիկուրիա Մարզի կղերական դասին, իսկ ժամը 12.15-ին ''Նոսթրա Սինիորա Տէլլա Կուարտիա'' սրբավայրին մօտ Ֆրանչիսկոս Պապ հանդիպում կ՛ունենայ երիտասարդութեան հետ, ապա կէսօրուայ ճաշը կը բաժնեկցի աղքատներու, գաղթականներու, թափառաշրջիկներու ու մի քանի բանտարկեալներու հետ։

Յետմիջօրէի ժամը 3.45-ին Նորին Սրբութիւնը այցելութիւն կը կատարէ ''Ճիաննինա Կազլինի'' մանկաբուժարան ու հանդիպում կ՛ունենայ այնտեղ խնամուած մանուկներուն հետ, մինչ երեկոյեան 5.30-ին ''Ֆիերա Տէլ Մարէ'' համալիրի տարածքին` կը գլխաւորէ սուրբ պատարագի զոհը Ճենովայի հաւատացեալներու մասնակցութեամբ, որով վերջ կը գտնէ նաեւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Ճենովա կատարած հովուական միօրեայ այցելութիւնը։

''Յառաջիկայ օրերուն, պիտի բազմապատկենք մեր աղօթքները որպէսզի, Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ` 1985 եւ 1990-ին ու Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի` 2008-ին կատարած այցելութիւններէն ետք, Պետրոսի յաջորդին վերադարձը Ճենովա, բոլոր Ճենովացիներու սրտերուն մէջ խոր դրոշմ մը թողու''  կը գրէ  Կարդինալ Պանիքասքօ վերոյիշեալ պատգամին մէջ, ապա կը յայտնէ թէ ''կը պատրաստուինք Ֆրանչիսկոս Պապը ընկալել յոյսով եւ երկիւղով։ Թող որ այս իրադարձութիւնները որոնք մաս կը կազմեն Ճենովայի թեմին ու քաղաքին պատմութեան, ըլլան հատիկներ ցանուած Ճենովայի խաւերուն մէջ­, որպէսզի կարենան բարի պտուղներ պարգեւել բոլորին համար''։








All the contents on this site are copyrighted ©.