2017-02-20 14:12:00

Ս. Պատարագ եւ հոգեհանգստեան պաշտօն Մարաշի եւ շրջակայքի նահատակներուն յիշատակին.


Կիրակի, 19 Փետրուար 2017-ին, Ս. Երրորդութիւն " Զուարթնոց" եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Պատարագ եւ հոգեհանգստեան պաշտօն Մարաշի եւ շրջակայքի նահատակներուն յիշատակին,  հանդիսապետութեամբ` Արհի. Տ. Պետրոս Արք. Մրիաթեանի։Օրուայ Պատարագիչն ու քարոզիչն էր Արժ. Տ. Կոմիտաս Քհն. Տատաղլեան։Արարողութեան  ներկայ էին վարդապետներ, Անարատ Յղութեան առաքինափայլ քոյրեր, Մարաշի Հայրենակցական միութեան վարչական կազմը , համակիրներ եւ հոծ բազմութիւն մը հաւատացեալ ժողովուրդին:

Պատարագիչ քահանայ հայրը տուաւ յաւուր պատշաճի քարոզ մը  նիւթ առնելով Մատթէոսի Աւետարանէն Յիսուսի շրթներէն բխող ոսկեբոյր խօսքերը. " ՄԻ ՎԱԽՆԱՔ ԱՆՈՆՑՄԷ, ՈՐ ՄԱՐՄԻՆԸ ԿԸ ՍՊԱՆՆԵՆ: ԱՅԼ ՎԱԽՑԷՔ ԱՆՈՆՑՄԷ, ՈՐ ՄԱՐՄԻՆԸ ՍՊԱՆՆԵԼԷ ՎԵՐՋ  ՀՈԳԻՆ ԱԼ ԿԸ ՍՊԱՆՆԵՆ":  Ան Շեշտեց հայ ժողովուրդին անմահութեան հաւատացող ժողովուրդ ըլլալը եւ յիշեց Սարդարապատի կանաչին վրայ քանդակուած պարզ ու խորախորհուրդ խօսքը. " Անմահ է այն ժողովուրդը որ ապրելու մտադրութեամբ նահատակուելու է դարերով,  բայց մեռնելու մտադրութեամբ չի ապրել թէկուզ մի օր": Եւ քարոզը փակեց ըսելով "Այս եղած է հաւատքը եւ համոզումը մեր նախնիներուն, այս է նաեւ մեր հաւատքը, համոզումը եւ մեր կամքը վճռական":
Ապա պատարագի աւարտին թափօրը ուղղուեցաւ եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս` Կոթողին առջեւ, Մարաշի Հայրենակցական միութեան կողմէ զետեղուեցաւ ծաղկեպսակ մը որուն  ընթացքին Հ.Կ. Միութեան Շեփորախումբը հնչեցուց պատշաճ եղանակներ ապա հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ եւ Հայր Մեր- ով փակեց արարողութիւնը: Շեփորախումբը շարունակեց իր յայտագիրը ազգային եղանակներով:
Ապա հիւրերը ուղղուեցան եկեղեցւոյ դահլիճը հիւրասիրութեան ուր արտասանուեցան խօսքեր Պրն. Միսաք Սեմէրճեանի եւ Արհի. Գերապայծառ Տիրոջ կողմէ: Ներկաները մեծ խանդավառութեամբ հեռացան դահլիճէն:








All the contents on this site are copyrighted ©.