2017-02-20 12:49:00

Չիլէի եպիսկոպոսներուն հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի 20 Փետրուարին Չիլէի հանրապետութեան եպիսկոպոսները` իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութեան առթիւ ժամանեցին Վատիկան ու հանդիպում ունեցան  Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հետ։

Չիլէի հանրապետութեան բնակչութեան 74 առ հարիւրը կաթողիկէներ են։ 18 միլիոնի վրայ 13 միլիոնը։ Չիլէի կաթողիկէ եկեղեցին կազմուած է 5 Արքեպիսկոպոսական թեմերէ եւ 20 եպիսկոպոսական թեմերէ, ապա կայ մէկ առաքելական փոխանորդութիւն, մէկ հոգաբարձութիւն, ու զինուորական մատրանապետութիւն։

Չիլէի մէջ քրիստոնէութիւնը մուտք գործած է 1541-ին, Հայր Ռոտրիկօ Կոնզալէս Տէ Մարմոլէոյի քարոզութեան շնորհիւ։ 1854-ին կը կառուցուի առաջին նորընծայարանը ու 1561-ին կը հիմնուի Սանթիակոյի թեմը։ 1810-ին կառավարութիւնը կաթողիկէութիւնը կը ճանչնայ որպէս երկրին պաշտօնական կրօն, իսկ 1824-ին բոլոր եկեղեցական կառոյցները կը բռնագրաւուին ու միայն 1885-ին է որ կառավարութիւն Եկեղեցի յարաբերութիւնները բնականոն կը դառնան։ 1925-ին երկրին նոր սահմանադրութիւնը կը հաստատէ Եկեղեցւոյ ու Պետութեան միջեւ բաժանումը որպէս երկու անկախ կառոյցներ։

1987-ին ապրիլ 1էն վեց Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետը առաքելական այցելութիւն տուաւ Չիլէ։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.