2017-02-20 09:29:00

Հայաստանէն առաքուած մարդասիրական 2-րդ օժանդակութեան առաջին բաժինը հասաւ Հալէպ։


(Գանձասար) Կիրակի, 19 Փետրուար 2017-ի առաւօտեան ժամը 11։00-ին «Հայաստանի Ժողովուրդէն Սուրիոյ Բարեկամ Ժողովուրդին» խորագիրը կրող Հայաստանի Հանրապետութեան մարդասիրական երկրորդ օժանդակութեան առաջին բաժինը հասաւ Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցի՝ ռուսական զինուորական բեռնակառքերով։ Օժանդակութիւնները ստանձնեց ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոս Տիգրան Գէորգեան, ներկայութեամբ փոխհիւպատոս Արմէն Գէորգեանի, Սուրիահայութեան Շտապ Օգնութեան եւ վերականգնումի Կեդրոնական Մարմնի ներկայացուցիչներ՝ Վերապատուելի Յարութիւն Սելմիեան եւ Տ. Զարեհ Քհնյ. Շաքարեանի, ինչպէս նաեւ Շտապ Օգնութեան Հալէպի Գործադիր Մարմնի, Ազգային Իշխանութեան ներկայացուցիչներուն։

Հայաստանէն մարդասիրական օժանդակութիւններու առաքման հսկողութեան համար Սուրիա ժամանած էր նաեւ ՀՀ Արտակարգ Իրավիճակներու Նախարարութեան ներկայացուցիչ Գնդապետ Պաւել Կէօզալեան։

ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոս Տիգրան Գէորգեան անդրադառնալով մարդասիրական այս օժանդակութեան «Գանձասար»ին ըսաւ. «Այս օժանդակութիւնը երկրորդն է, առաջինը հասած էր Հոկտեմբեր 2016-ին, երկրորդը առաքուած է երկու օդանաւով, առաջին այս բաժինը, որ Լաթաքիա հասաւ 14 Փետրուարին եւ այսօր Հալէպ, կը պարունակէ սննդամթերք ու առաջին անհրաժեշտութեան իրեր։ Երկրորդ օդանաւը եւս 17 Փետրուարին հասած է Լաթաքիոյ Հըմէյմիմ ռուսական ռազմակայան։ Ան կը պարունակէ փոքրերու եւ մեծերու յատուկ հանդերձանք։ ՕԺանդակութեան մէկ մասը բաժնուած է արդէն Քեսապի, Թարթուսի, Լաթաքիոյ, Դամասկոսի մեր համայնքին եւ արաբ ժողովուրդին։ Օժանդութեան Հալէպի բաժինը Շտապ Օգնութեան Գործադիր Մարմնին ճամբով պիտի բաժնուի համայնքի բոլոր կարիքաւորներուն, առանց խտրութեան, ինչպէս նաեւ ոչ հայ կարիքաւորներուն։ Հայաստանի կառավարութեան որոշումով մարդասիրական այս օժանդակութիւնները շարունակական բնոյթ պիտի ստանան»։ Հիւպատոսը նշեց թէ, ռուսական եւ հայկական բոլոր լրատուամիջոցները հաղորդեցին մարդասիրական օժանդակութեան առաքումը։

ՀՀ Արտակարգ Իրավիճակներու Նախարարութեան ներկայացուցիչ Գնդապետ Պաւել Կէօզալեան ըսաւ. «Մարդասիրական օժանդակութեան տրամադրման ընթացքին ես ներկայ եղայ Լաթաքիա, իսկ այժմ Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցի։ Քաղաք մտած պահուս իմ վրաս շատ ծանր ազդեց այն հանգամանքը, որ քաղաքը ահաբեկչական յարձակումներու եւ մարտական գործողութիւններու հետեւանքով ենթարկուած է հսկայածաւալ քանդումներու։ Այստեղ ցաւով իմացայ նաեւ, որ զոհերուն մէջ եղած են հայեր եւս։ ՀՀ կողմէ տրամադրուած այս օժանդակութիւնը քայլ մըն է՝ մեղմացնելու Սուրիոյ ժողովուրդին տագնապը»։

Շտապ Օգնութեան Հալէպի Գործադիր Մարմնի անդամ Զեփիւռ Գէորգեան նախ շնորհակալութիւն յայտնեց հայրենիքին, ՀՀ Գլխաւոր Հիւպատոսին եւ նշեց թէ, օժանդակութիւնը քանակի եւ տեսակի համաձայն պիտի բաշխուի Հալէպի բոլոր կարիքաւոր ընտանքիներուն, նկատի պիտի առնուին նաեւ տարիքային բաժանումները։ Օրինակ մը տալու համար ան ըսաւ որ, նախորդ օժանդակութեան ծրարներուն մէջ գտնուող վերարկուները բաշխուեցան հալէպահայ բոլոր վարժարաններու աշակերտութեան։

Պէթի Քիլէրճեան








All the contents on this site are copyrighted ©.