2017-02-19 09:10:00

Կիրակի 19 Փետրուար 2017 Երկրորդ կիրակի Առաջաւորի


Տէր, քեզմէ զատ որու՞ն երթանք (Յովհաննէս 6, 59-72)

Առաքելապետը` Պետրոս, բոլոր աշակերտներուն անունով կը խօսի եւ, մղուած Սուրբ Հոգիէն, կը բացագանչէ. Տէր, որու՞ն երթանք, դուն ունիս յաւիտենական կեանքի խօսքերը։ Յիսուս խօսած էր իրենց յաւիտենական կեանքի հացի մասին, ըսելով թէ ինքն է այդ հացը եւ թէ հասնելու համար այդ կեանքին, հարկ է ուտել իր մարմինը։ Ժողովուրդը չէր կրցած ընդունիլ այս խօսքը եւ բոլորը հեռացած էին իրմէ. Կը մնային միայն տասներկուքը, որոնց Յիսուս ըսած էր. Եթէ կ՛ուզէք դուք ալ կրնաք հեռանալ ինձմէ։ Իսկ Պետրոս, համարձակութեամբ վստահեցուցած էր զինք թէ իրենք միշտ հաւատարիմ պիտի մնային իրեն, որով ուրիշի ետեւէն ոչ իսկ կը մտածէին երթալ։

Այս օրերուս` Հռոմի բնակիչները ականատես եղան Սրբազան Պապին դէմ արձակուած լոզունքներու, տեղական ժողովուրդին կողմէ, ինչ որ անշուշտ ցաւ  պատճառեց մեր ամէնուն սիրելի եւ ժողովրդի մօտ, Ֆրանչիսկոս քահանայապետի սրտին։ Այն որ Հռոմի աթոռին վրայ նստած է յաջորդն է Պետրոսի եւ կ՛առաջնորդէ իրեն յանձնուած հաւատացեալներու հօտը ամենայն իմաստութեամբ եւ հոգեկան ուժով։ Մենք ուրիշի մը չենք կրնար դիմել մեզ առաջնորդելու համար, ինքն է ներկայացուցիչը Քրիստոսի այս աշխարհի վրայ, ինքն է որ հաստատ կը պահէ հիմը մեր քրիստոնէական լոյս հաւատքին. Ուստի համընթաց յառաջանալու ենք իր հետ, որպէսզի մեր քայլերը չշեղին ուղիղ ճամբէն, հոգեւոր կեանքին մէջ։

Քրիստոս ըսած է յստակօրէն. Եթէ հետս չըլլաք, ուրեմն ինծի հակառակ էք. Ուստի չենք կրնար երկու հակամէտ անձերու կողմնակից ըլլալ, կամ մէկուն պիտի հետեւինք եւ միւսը ձգենք, կամ միւսին։ Երկու տէրերու չենք կրնար ծառայել. Եւ Տէրը խոստացած է իր Հոգիով միշտ ուղել Եկեղեցին եւ պաշտպանել զայն իր բոլոր թշնամիներուն դէմ, ըլլան անոնք դրսէն, ըլլան ներսէն։

Այսօրուայ աւետարանին մէջէն յառաջ կու գայ թէ Քրիստոսի հետեւելու պայմաններէն մին է ուտել իր մարմինը եւ խմել իր արիւնը. Անշուշտ նոյն վայրկեանին` առաքեալները չի հասկցան իմաստը այս խօսքերուն, սակայն երբ` վերջին ընթրիքի ընթացքին, Աստուածային Վարդապետը տուաւ իրենց հացը, ըսելով` կերէք, այս է ահա իմ մարմինս, եւ բաժակը` ըսելով, խմեցէք ասկէ, այս է իմ արիւնս, հոն որոշ չափով հասկցան Քրիստոսի խօսքերը։

Մենք ամէն կիրակի առիթն ունինք ճաշակելու Քրիստոսի մարմնին եւ արեան. Եւ ինչ որ հաստատ գիտենք, այն խօսքն է որ այն որ յաճախ հաղորդուի Յիսուսի մարմնոյն եւ արեան, յաւիտենական կեանքին արժանի կը դառնայ։ Մեր պարտականութիւնն է ուրեմն, կիրակի եւ տօնի օրերուն` երբեք չբացակայիլ եկեղեցիէն, եւ ջանալ նոյնը սորվեցնել մեր յաջորդ սերունդներուն, որպէսզի անոնք եւս օգտուին այս լաւագոյն առիթէն փրկելու համար իրենց անձերը, արժանի դարձնելով յաւիտենական կեանքին։

Պետրոս առաքելապետ առանց տառակոյսի նետուեցաւ Քրիստոսի առջեւ եւ յայտնեց իր հաւատքն ու վստահութիւնը Տիրոջ։ Մեր պարտքն է այսօր թիկունք կանգնելու Սրբազան Պապին. Ան որքան հեզ է ու բարի ժողովուրդին նկատմամբ, նոյնքան խիստ է եւ պահանջկոտ իր կղերին հանդէպ։ Կ՛ուզէ որ անոնք թողուն իրենց ճոխ բնակարանները, հեռանան նիւթական մտահոգութիւններէն եւ աւելի մերձենան ժողովուրդին, որպէսզի հաւատարիմ ըլլան իրենց իսկական առաքելութեան, որ է հովուել հոգեւորապէս ժողովուրդը եւ առաջնորդել զիրենք դէպի երկինք։ Ամէն։

Հայր Յովսէփ Քէլէկեան








All the contents on this site are copyrighted ©.