2017-02-18 10:14:00

Ֆրանչիսկոս Պապ կ՝այցելէ ''Սանթա Մարիա Ժոզէֆա Տէլ Քուորէ Տի Ժէզու՝՝ժողովրդապետութիւն


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 19 փետրուարին՝ յետմիջօրէի ժամը 3,30-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հովուական այցելութիւն կը կատարէ  Հռոմի արուարձանները գտնուող ՝՝Քասթելվերտէ Տի Լունկեցա ՝՝շրջանի ՝՝Սանթա Մարիա Ժոզէֆա Տէլ Քուորէ Տի Ժէզու՝՝ անուան ժողովրդապետութեան։

Նորին Սրբութիւնը այցելութեան վայր ժամանելուն կը դիմաւորուի Հռոմի թեմի տեղակալ  արքեպիսկոպոս` կարդինալ Ակոսթինօ Վալլինիի, Հռոմ քաղաքի  արեւելեան շրջանի տեղակալ եպիսկոպոս Գերապայծառ Ժուզեփփէ Մարչիանթէի եւ ժողովրդապետութեան հոգեւոր հովիւ հայր Ֆրանչեսքօ Ռոնտինելլիի կողմէ։

Յայտնենք թէ   Ֆրանչիսկոս Պապի հռոմի ժողովրդապետութեան  սոյն այցելութիւնը կը հանդիսանայ իր Քահանայապետութեան ընթացքին Հռոմի թեմի ժողովրդապետութիւններուն կատարած 13-րդ այցելութիւնը։  

Նշենք նաեւ թէ Սուրբ ՅՊԲ Քահանայապետ, վերոնշեալ ժողովրդապետութիւնը այցելած է ՝16 դեկտեմբեր 2001-ին, եւ այս առթիւ, արժէքաւոր խաչ մը նուիրած է , որ մինչեւ այսօր՝ Եկեղեցւոյ խորանին վրայ  զետեղուած է։ 

Ֆրանչիսկոս Պապ այցելութեան ծիրէն ներս նախատեսուած են յիշեալ ժողովրդապետութեան դատերասրահին դահլիճին  մէջ հանդիպումներ` ժողովրդապետութեան երիտասարդներուն, հիւանդներուն, տարեցներուն, վերջերս մկրտուած նորածին մանուկներուն եւ անոնց ծնողաց հետ ինչպէս նաեւ ժողովրդապետութեան Քարիթասի հոգածութեան տակ գտնուող աղքատ ընտանիքներուն հետ։

Ֆրանչիսկոս Պապին  Հռոմի ժողովրդապետութեան  տուած հովուական այցելութեան ծիրէն ներս, նախատեսուած է նաեւ  4 հաւատացեալներու խոստոավանանքի  խորհուրդի մատակարարում  ապա   Սուրբ Պատարագի Զոհը ժողովրդապետութեան եկեղեցւոյ մէջ, որուն աւարտին Սրբազան Քահանայապետը  վերադարձ կը կատարէ Վատիկան։  

Եկեղեցւոյ ժողովրդապետ՝ Հայր Ֆրանչիսկոս Ռոնտինելլի, Ֆրանչիսկոս Պապի իր եկեղեցւոյ տալիք այցելութեան մասին արտայայտուելով նշած է,  թէ Իւրաքանչիւր ժողովրդապետ կ՝երազէ  Նորին Սրբութեան այցելութիւնը,  աւեցնելով որ  ինք երբեք չէր յուսար սոյն փափաքին իրականացումը։

Խօսելով ժողովրդապետութեան գործունէութեան մասին , Հայր Ռոնտինելլի յայտնեց, թէ ժողովրդապետութիւնը  ունի 200 մանուկները որոնք կը յաճախեն քրիստոնէակն դասընթացքին։ Ունի Քարիթասի կեդրոն մը, որուն մէջ երկու տասնեակ կամաւորներ, ուտելիք կը բաժնեն  աւելի քան 200 ընտանիքներուն։ 

՝՝Սանթա Մարիա Ժոզէֆա Տէլ Քուորէ Տի Ժէզու՝՝ եկեղեցին  կառուցաուած է 2000 թուականին։ Առաջին պատարագը մատուցած է Հռոմի Թեմի երբեմնի տեղակալ Արքեպիսկոպոս՝ կարդինալ Քամիլլօ Ռուինի՝ 27 Յունուար 2001-ին։ Ժողովրդապետութեան մաս կը կազմեն 6500 ընտանիքներ, որոնց մեծամասնութիւնը կազմուած է երիտասարդ զոյգերէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.