(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ 17 Փետրուար 2017-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը յատուկ այցելութիւն կը կատարէ Հռոմի ''Roma Tre'' համալսարանական համալիրին։
Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանէն կը մեկնի 9,45-ին ու Համալսարանական կեդրոն ժամանեց 10-ին ուր զինք կը դիմաւորեն Համալսարանի Ռեկտոր Փրոֆ Մարիօ Փանիցցա, ընդհանուր Տնօրէն` Տոքթ Փասքուալէ Պազիլիքաթա եւ ընդհանուր տնօրէնի տեղապահ Փրոֆ Մարիա Ֆրանչեսքա Ռենցին։
Նորին Սրբութիւնը կ՛ուղղուի համալսարանի ներքնափակ ուր նախատեսուած է հանդիպումը` համալսարանական ուսուցչական անձնակազմին ու աշակերտութեան հետ։
Սրբազան Քահանայապետին բարի գալուստի խօսք կ՛արտասանէ համալսարանի Ռետկորը որուն կը յաջորդեն Ֆրանչիսկոս Պապին ուղղուած չորս աշակերտներու համապատասխան հարցումներ, որոնց շարքին նաեւ Սուրիացի համալսարանականի հարցումը, եւ Սրբազան Քահանայապետին պատասխաններն ու պատգամը։
Նորին Սրբութեան այս իւրայատուկ այցելութեան առիթով ''Roma Tre'' Համալսարանի Ռեկտոր Փրոֆ Մարիօ Փանիցցա յայտնած է թէ ինք նամակ գրած էր Ֆրանչիսկոս Պապին` հանդիպում ունենալու համար համալսարանի աշակերտութեանց հետ եւ մեծ ուրախութեամբ ու յուզմունքով իմացաւ թէ Նորին Սրբութիւնը ընդառաջած էր այդ հրաւէրին։ Այս այցելութիւնը ունի ընկերային, քաղաքացիական ու մշակութային բնոյթ, ըսած է Համալսարանի Ռեկտորը ընդգծելով թէ Ֆրանչիսկոս Պապին յանձնառումը ի սպաս քաղաքացիական ընկերութեան ու յատկապէս ամենա տկարներուն նկատմամբ, պէտք է աշակերտութեան եւ ուսուցչական կազմին համար հանդիսանայ ուղեցոյց մը։
Փրոֆ Մարիօ Փանիցցա ապա հակիրճ ակնարկ կատարած է ''Roma Tre'' համալսարանի մասին որուն գործունէութիւնը ծնունդ առած է 1992 թուականին ծրագիր ունենալով վերարժեւորել նախկին արդիւնաբերական բնոյթ ունեցող տարածքները ու զանոնք յատկացնել ուսմունքի եւ հետազօտութեան եւ դաստիարակչական ասպարէզին։
All the contents on this site are copyrighted ©. |